Գիտնականները առաջին անգամ ըլլալով համակարգուած ձեւով հետազօտած են առողջ հիւսուածքներու վրայ քիմիական դարմանումի ծինային ազդեցութիւնը։
Wellcome Sanger հիմնարկի, Քեմպրիճի համալսարանի, Քեմպրիճի համալսարանական հիւանդանոցներու եւ NHS հիմնադրամի (Cambridge University Hospitals NHS Foundation Trust) հետազօտողները եւ անոնց գործընկերները վերլուծած են տարբեր տարիքի 23 հիւանդներու արեան բջիջներու ծինային դրոյթները, որոնք կը ստանային տարբեր տեսակի քիմիական դարմանում։
Nature Genetics բժշկագիտական ամսագրին մէջ հրապարակուած արդիւնքները ցոյց կու տան, որ քիմիական դարմանումի յատկութիւն ունեցող դեղերէն շատերը, բայց ոչ բոլորը, առողջ արեան մէջ փոխակերպումներ եւ վաղաժամ ծերացում կը յառաջացնեն։
Cancer Grand Challenges խումբի Mutographs նախագիծի ծիրին մէջ հետազօտողները յայտնաբերած են DNA-ի վնասման կամ փոխակերպման նշաններու նոր օրինաչափութիւններ, որոնք կապուած են որոշ քիմիական դարմանումի յատկութիւն ունեցող դեղերու հետ։
Քիմիական դարմանումը քաղցկեղի բուժման տեսակ մըն է, որ կը սպաննէ քաղցկեղի բջիջները։ Այս մէկը համակարգային բուժում է, այսինքն՝ կ՛ազդէ ամբողջ օրկանիզմին վրայ եւ կրնայ նշանակուիլ որպէս առանձին քիմիական դարմանումի դեղ կամ այլ դեղերու հետ միասին։
Զարգացած երկիրներու մէջ, գնահատականներու համաձայն, բնակչութեան մօտաւորապէս 10 առ հարիւրը կեանքի որոշ փուլին ստացած է քիմիական դարմանում քաղցկեղի եւ այլ հիւանդութիւններու դէմ։
Քիմիական դարմանումը կրնայ երկարատեւ կողմնակի ազդեցութիւններ ունենալ առողջ, ոչ քաղցկեղային հիւսուածքներու վրայ եւ կապուած է երկրորդական քաղցկեղի յառաջացման վտանգի բարձրացման հետ։ Սակայն, այս կողմնակի ազդեցութիւնները պայմանաւորող կենսաբանական «մեքանիզմ»-ները բաւարար չափով ուսումնասիրուած չեն։
Նոր հետազօտութեան ծիրին մէջ գիտնականները նպատակադրած են ուսումնասիրել առողջ արեան վրայ քիմիական դարմանումի ազդեցութիւնը։ Քեմպրիճի համալսարանի (CUH) Sanger հիմնարկի «միքրոսքոփիսթ»-ներու խումբը եւ անոնց գործընկերները որոշած են հետազօտել արիւնը՝ հաշուի առնելով նմուշ առնելու դիւրութիւնը եւ տարրալուծարանին մէջ արեան վերամշակման կարելիութիւնը։
Բացի ատկէ, առողջ արեան մէջ փոխակերպումներու քանակը շատ նման է, ինչ որ լաւ հիմք կը ծառայէ որոշելու համար, թէ արդեօ՞ք անիկա աւելի բարձր է քիմիական դարմանում ստացած մարդոց շրջանակին մէջ: Հետազօտողները յաջորդականացուցած են 3-80 տարեկան 23 մարդու արեան բջիջներու ծինային դրոյթները, որոնք քիմիական դարմանում կը ստանային արեան տարբեր տեսակներու եւ պինդ քաղցկեղի դէմ։
Միասին անոնք ենթարկուած են քիմիական դարմանումի բոլոր հիմնական կարգերուն պատկանող 21 դեղերու, որոնց շարքին՝ «ալքիլացնող» (alkylating), «փլաթին» (platinum) նիւթերու եւ «հակամեթապոլիթ»-ներու։
Արդիւնքները բաղդատուած են 9 առողջ մարդոց ծինային դրոյթի տուեալներուն հետ, որոնք բնաւ քիմիական դարմանում չէին ստացած։
Ամբողջ ծինային դրոյթի յաջորդականութեան տուեալները վերլուծելով՝ խումբը յայտնաբերած է, որ քիմիական դարմանումի յատկութիւն ունեցող դեղերու շատ դասակարգեր, բայց ոչ բոլորը, իսկապէս աւելի փոխակերպումներ կը յառաջացնեն առողջ արեան բջիջներու մէջ: Օրինակ՝ երեք տարեկան հիւանդը, որ կը բուժուէր «նիւրոպլասթոմա»-ի՝ նեարդային հիւսուածքի քաղցկեղի դէմ, աւելի փոխակերպոումներ ունէր, քան 80-ամեայ այն հիւանդները, որոնք բնաւ քիմիական դարմանում չէին ստացած։ DNA-ի վնասման օրինաչափութիւնները, որոնք յայտնի են որպէս փոխակերպումի նշաններ, ուսումնասիրելով՝ հետազօտողները ցոյց տուած են, որ տարբեր քիմիական դարմանումի յատկութիւն ունեցող դեղերը ունին տարբեր փոխակերպումի նշաններ եւ բացայայտած՝ չորս նոր նշաններ, որոնք կը պատահին քիմիական դարմանում ստացող հիւանդներու շրջանակին մէջ։

