Նոր Տուեալներ Քորոնա Ժահրով Կրկնակի Վարակման Մասին

Հիւանդութենէն կամ պատուաստումէն ետք քորոնա ժահրով դարձեալ վարակուելու կարելիութիւնը շատ մեծ չէ, բայց տակաւին կանուխ է ուրախանալու համար։ Այս մասին ըսուած է հետազօտութեան մը մէջ, որու արդիւնքները հրապարակուած են New England Journal of Medicine ամսագիրին մէջ։ Քաթարէն գիտնականներ հետազօտած են քորոնա ժահրով վարակման դէպքերը 353 000 մարդոց ծիրին մէջ, երկրի տարածքին երկու ալիքներու ընթացքին՝ 2020ի…

Ինչպէ՞ս «Սանտուիչ»ները Նուազ Վնասակար Դարձնել

Կազմուածքի պահպանման համար պայման չէ ամբողջութեամբ հրաժարիլ «սանտուիչ»ներէն, յայտնած է սննդաբան-սրտաբան Ասիյաթ Խաչիրովա: «Սանտուիչ»ները աւելի նուազ վնասակար կարելի է դարձնել: Ամբողջական սնունդը պէտք է ներառէ սննդանիւթերու բոլոր խումբերը՝ չլուծուող բջիջանիւթեր, սպիտակուցներ, ճարպեր եւ ածխաջուրեր։ Կարելի է պատրաստել «սանտուիչ» մը, որ կը պարունակէ բոլոր անհրաժեշտ «մաքրօէլեմընթ»ները, որմէ ետք աւելորդ կշիռք չէք ունենար», ըսած է մասնագէտը։ Ածխաջուրերը,…

Լեզուն Կրնայ Վկայել B12 Վիթամինի Պակասի Մասին

Օրկանիզմին մէջ վիթամին B12-ի պակասը կրնայ տարբեր հիւանդութիւններ յառաջացնել, որոնք կրնան տարբեր ձեւով դրսեւորուիլ։ Այսպիսի կարծիք յայտնած է սննդաբան, սննդային վարքագիծի խանգարումներու մասնագէտ Հելեն Ուեսթ։ Daily Express-ին համաձայն, մասնագէտին խօսքով, կայ մէկ նշան, որով կարելի է անմիջապէս հասկնալ, որ մարդ B12-ի պակաս ունի։ Կը պարզուի, որ լեզուն նման պարագաներուն կ՛ուռի, կը կարմրի եւ քիչ մը…

Անվտանգ հեռաւորութիւնը Համակարգիչի «Մոնիթոր»էն Մինչեւ Աչքերը

Տեսողութիւնը չվնասելու համար ակնաբոյժ Սերկէյ Խոմեաքով կը յանձնարարէ «էքրան»էն հեռու մնալ 50-60 սանթիմեթր։ Մասնագէտը կը յանձնարարէ «մոնիթոր»ը տեղադրել անմիջապէս անհատին դիմացը, մինչդեռ ատոր վերին եզրը պէտք է ըլլայ տեսադաշտի մակարդակին վրայ։ Ան յանձնարարած է պահել 50-60 սանթիմեթր, սակայն հեռաւորութիւնը կրնայ տարբերիլ՝ կախեալ ըլլալով սարքի անկիւնագիծէն։ «Եթէ դուք կ՛աշխատիք 25-30 սանթիմեթր «էքրան»ի անկիւնագիծով «նօթպուք»ի կամ «թապլէթ»ի…

COVID-19-ի Ընթացքը Պատուաստուած Մարդոց Մօտ

Պատուաստուած մարդոց պարագային, COVID-19-ն աւելի մեղմ կ՛ընթանայ, քան անոնց պարագային, որոնք չեն պատուաստուած։ Այս մասին յայտարարած են Վիտորվէ հիւանդանոցի բորբոքումի հետ կապուած հիւանդութիւններու ամպիոնի գլխաւոր բժիշկ, փրոֆեսոր Թոմաս Պենֆիլտ եւ Օրհուսի համալսարանի «իմիւնոլոճի»ի փրոֆեսոր Ռուն Հարթման: Danmarks Radio-ի համաձայն` եթէ ամբողջապէս պատուաստուած մարդիկ այնուամենայնիւ կը վարակուին, այդ կը կոչուի «բեկումնային վարակ»: Այդ պարագային, պատուաստուածներու մօտ…

Ուտելիքներ՝ Պայքարելու Աշնանային «Սթրես»ին Դէմ

Աշնանային եւ ձմեռնային ժամանակամիջոցին, եղանակին հայթայթուած բանջարեղէնը շատ կարեւոր է առողջութեան պահպանման համար: Աւելին` այդ բանջարեղէններէն քանի մը հատը կրնան օգնել պայքարելու «սթրես»ի դէմ, յայտնած է սննդաբան Եվկենի Արզամասցեւ։ Մասնագէտը նման ուտելիքներու առաջին շարքին նշած է ճակնդեղը: «Ճակնդեղին մէջ B խումբի վիթամիններու լայն տեսականի կայ, ատոնք մեզի համար անհրաժեշտ են նեարդային համակարգին համար: Այլ եղանակի…

Քորոնա Ժահրի A.30 Տարբերակը Կրնայ Խուսափիլ Չէզոքացնող Հակամարմիններէն

Քորոնա ժահրի A.30 տարբերակը (A.VOI.V2), որ յայտնաբերուած էր 2021ի գարնան Անկոլայի եւ Շուէտի մէջ գտնուող հիւանդներու մօտ, կրնայ խուսափիլ դիմադրողական պատասխանէն՝ չեզոքացնող հակամարմիններու միջոցով: Այս մասին կը նախազգուշացնեն Գերմանիոյ Կիոթինկենի համալսարանի գիտնականները, որոնք իրենց գիտական ​​աշխատանքի մանրամասնութիւնները հրապարակած են Nature ամսագրին մէջ։ Հեղինակները ուսումնասիրած են հիւրընկալող բջիջներու ներթափանցումը եւ հակամարմիններու միջնորդաւորուած A.30 տարբերակի չէզոքացումը: Բաղդատութեան…

Ընկուզեղէնի Ճիշդ Օգտագործման Ձեւերը՝ Օգտակար Ըլլալու Համար

Ընկոյզը, նուշը, պիստակը եւ հնդկական ընկոյզը օգտակար են «էներժին» ամբողջացնելու, ինչպէս նաեւ՝ սրտանօթային համակարգի կարգաւորման համար, սակայն սխալ օգտագործման պարագային կրնան վնասակար ըլլալ օրկանիզմին համար: Նման կարծիք յայտնած է սննդաբան Արտեմ Լէոնով: Մասնագէտը նշած է, որ թէեւ ընկոյզները կը պարունակեն շատ օգտակար մաքրօ եւ միքրոտարրեր, մանրաթելեր եւ սպիտակուցներ, ատոնք նաեւ կը պարունակեն նիւթեր, որոնք կը ճնշեն…

Ձուկը՝ Շատ Օգտակար Ուտելիք

Մասնագէտները կը յանձնարարեն ձուկ ուտել շաբաթական առնուազն երկու անգամ, գրած է Eat This, Not That պարբերականը: «Ձուկը անկասկած «սուփըր» ուտելիք է: Այսինքն՝ սովորական սնունդ՝ անսովոր օգուտներով»,-ըսած է սննդաբան եւ առողջ սնանելու մասին քանի մը գիրքերու հեղինակ Ճեքսըն Պլեթնըր։ Անոր խօսքով՝ ձուկը հարուստ է օմեկա-3 թթուներով, որոնք շատ օգտակար են ուղեղին համար եւ կ՛օգնեն պայքարելու տարիքային…

Յաճախակի Յօրանջելը Նշան՝ Կարգ Մը Հիւանդութիւններու

Յաճախակի յօրանջելու պատճառներուն մասին իր կարծիքը յայտնած է վարակաբան Նուրժախան Ֆալահին։ «Յօրանջելը ակամայ շնչառական շարժում է, որ բաղկացած է խոր շունչէն եւ զօրաւոր արտաշնչումէն: Թուլացնելով մկանները եւ ընդլայնելով շնչուղիները՝ «ռիֆլեքս»ը օգտակար է։ Յօրանջելը՝ նեարդային լարուածութենէն կամ «սթրես»էն ետք հանգստանալու կ՛օգնէ, ինչպէս նաեւ կ՛աշխուժացնէ ուղեղը։ Որպէս հիւանդութեան ախտանիշ՝ յօրանջելը կրնայ դրսեւորուիլ, օրինակ՝ «տիփրեշըն»ի պարագային, երբ արեան…