Թոքերու քրոնիք օպըսթրաքթիվ հիւանդութիւնը (ԹՔՕՀ) վտանգաւոր ախտորոշում է, որ յաճախ կը տեսնուի ծխող մարդոց մօտ: Սակայն, վերջերս, այս հիւանդութիւնը սկսած են ախտորոշել նաեւ չծխողներու մօտ: Ըստ գերմանական Wunderweib ամսագիրին, ատոր պատճառը կրնայ պահուըտած ըլլալ վտանգի այնպիսի գործօններու մէջ, ինչպէս՝ «փասիվ» ծխելը, «ճենեթիք» հակումը, օդի ապականումը, ինքնաշարժներու արտանետումները եւ յաճախակի շնչառական վարակները (օրինակ՝ տկար դիմադրողական համակարգի պատճառով):
Աւելին, հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ «նայթրայթ»-ով մշակուած ուտելիքներու (օրինակ՝ երշիկեղէնի) յաճախակի օգտագործումը նոյնպէս կ՛աւելցնէ ԹՔՕՀ-ի զարգացման վտանգը:
Վտանգի ենթարկուած խումբերը
Թոքերու քրոնիք օպըսթրաքթիվ հիւանդութեան աւելի յաճախ կը հանդիպինք, քան ազթմային, թոքաբորբոքումին եւ թոքերու քաղցկեղին, եւ այս հիւանդութեամբ կրնան տառապիլ 40 տարեկանէն վեր բոլոր մարդոց քառորդը: Տղամարդիկ աւելի յաճախ կը հիւանդանան, քան կիները: Յաճախ հիւանդութիւնը առաջին անգամ կը ծագի 40-55 տարեկան հասակին: Վտանգի խումբին մէջ են նաեւ ծխողները եւ այն մարդիկը, որոնք աշխատավայրին մէջ ստիպուած են շնչելու վտանգաւոր հոտեր եւ գոլորշիներ:
ԹՔՕՀ–ի ախտանիշները
Թոքերու քրոնիք օպըսթրաքթիվ հիւանդութիւն ունեցող շատ հիւանդներ չեն գիտակցիր, որ հիւանդ են, որովհետեւ ախտանիշները սովորաբար շատ դանդաղ կը զարգանան:
Ժամանակագրական կարգով ԹՔՕՀ-ի ախտանիշները մօտաւորապէս այսպէս կը դրսեւորուին՝
- ծանր շնչառութիւն ֆիզիքական ծանրաբեռնուածութեան ժամանակ,
- հազ եւ խորխ,
- «պրոնխ»-ներու գերզգայունութիւն (յաճախ թոքերու բորբոքումներ կը յառաջանան),
- կշիռքի կորուստ, աշխատունակութեան անկում,
- մկանային զանգուածի տկարացում,
- սրտանօթային համակարգի փոփոխութիւններ,
- թթուածնային հիւծում (հիփոքսեմիա),
- ոտքերու այտուց,
- պարբերաբար բորբոքում օրկանիզմին մէջ,
- հորմոններու (յատկապէս «թեսթոսթերոն»-ի) արտադրութեան նուազում:
Հիւանդներու 40-70%-ը նաեւ կը հանդիպին հոգեբանական խնդիրներու, ինչպէս՝ տագնապը եւ «տիփրեշըն»-ը:
Կը բուժուի՞արդեօք ԹՔՕՀ–ը
Հիւանդութիւնը կը նկատուի անբուժելի, սակայն ժամանակին սկսուած բուժումը կրնայ բարելաւել կեանքի որակը եւ դանդաղեցնել հիւանդութեան ընթացքը: