Տարիքով Մեծ Անձերու Սրտի Բջիջները Չեն Վերականգնուիր
Ամերիկացի գիտնականներու նոր հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ երբ մուկերու սրտի բջիջները կը ծերանան, միջուկային ծակոտիներ (nuclear pores) կոչուող հաղորդակցութեան ուղիներու թիւը կտրուկ կը նուազի: Մարդոց մօտ նոյնանման օրինաչափութիւն (pattern) կարելի է նկատել, որ կը խանգարէ մեծերու սրտի բջիջներու վերականգնումը: Փիթսպըրկի համալսարանի հետազօտողներու յօդուածը հրապարակուած է Developmental Cell ամսագրին մէջ: Մարդու մարմնի շատ հիւսուածքներ կը…