Կարմիր Խաղողը Կը Պաշտպանէ Կարգ Մը Հիւանդութիւններէ
Սէուտի Արաբիոյ Ֆեյսալ թագաւորի համալսարանի գիտնականները բացայայտած են, որ կարմիր խաղողը կը պաշտպանէ շաքարախտէն, սրտի հիւանդութիւններէն եւ վաղաժամ ծերացումէն։ Այս խաղողը նաեւ հակաուռուցքային եւ հակաբորբոքային ազդեցութիւն ունի՝ շնորհիւ ատոր մէջ գտնուող «փոլիֆենոլ»ներուն։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են «Nutrients» ամսագրին մէջ։ «Փոլիֆենոլ»ները միացութիւններ են, որոնք կը գունաւորեն ծաղիկներու եւ բոյսերու պտուղները։ «Փոլիֆենոլ»ները զանազան կենսաբանական յատկութիւններ ունին, ինչպէս՝…