Կլիմայի Փոփոխութիւնը Կրնայ Ազդել Էկզեմայով Տառապող Հիւանդներու Վրայ
Տարիներ շարունակ գիտնականներ ուսումնասիրած են, թէ կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքները ինչպէ՞ս կրնան ազդել առողջութեան վրայ: Նախորդ հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ կլիմայական ազդեցութիւնները, օրինակ՝ ծայրայեղ տաքը, կրնան բարձրացնել երիկամներու հիւանդութեան եւ սրտանօթային հիւանդութիւններու հետեւանքով գոյացած մահուան վտանգը եւ նոյնիսկ ազդել հոգեկան առողջութեան վրայ: Սան Ֆրանսիսքոյի, Քալիֆորնիոյ համալսարանի (UCSF) գիտնականները բացայայտած են, որ կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքով յառաջացած…