Իսկական Քիթ՝ Աճեցուած Ֆրանսուհի Կնոջ Մը Ձեռքին Վրայ
Կինը, որ քաղցկեղի դէմ պայքարէն ետք զրկուած էր քիթէն, նոր քիթ ունի, որ աճեցուած է անոր ձեռքին վրայ, տեղեկացուցած է Daily Mail-ը։ Ֆրանսայի բնակիչը, որուն անունը չի նշուիր, քիթի խոռոչի քաղցկեղ ուներ։ 2013-ին, ան «քիմոթերափի» եւ ճառագայթային թերափի եղած էր։ Հիւծիչ բուժման հետեւանքով ֆրանսուհին զրկուած էր իր դէմքի զգալի մասէն, այդ շարքին քիթէն։ Օրկանը հեռացնելէն…