Հապալասը Մեզ Կը Պաշտպանէ Հիւանդութիւններէ

Հապալասը (blueberry), սննդաբան Սվետլանա Ֆուսի համաձայն, շարք մը օգտակար յատկութիւններ ունի: Հապալասը մեծ քանակութեամբ սիլիցիում (silicon) կը պարունակէ, որու շնորհիւ կ՛ամրացնէ ոսկորները, կը բարելաւէ յօդերու շարժունակութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ մաշկի, մազերու եւ եղունգներու վիճակը, յայտնած է ՌԻԱ Նովոսթին: Հապալասը հարուստ է նաեւ երկաթով, իոտով, մանկանիզով եւ հակաօքսիտընթներով, որոնք նոյնպէս օգտակար են առողջութեան համար: Բացի ատկէ, այս…

Արդեօ՞ք Դիմակ Կրել Քորոնա Ժահրի Դէմ Պատուաստումէն Ետք

Պատուաստուած քաղաքացիները պէտք է շարունակեն պաշտպանիչ դիմակներ կրել, հակառակ պարագային անոնք կրնան քորոնա ժահրի «սուփըր տարածող» դառնալ: Նման կարծիք յայտնած է մասնագէտ Վլատիմիր Պոլիպոք: Մասնագէտին համաձայն՝ նոյնիսկ պատուաստուած անձ մը կրնայ ժահրի այնպիսի չափ մը ստանալ, որ կրնայ յաղթահարել դիմադրողական համակարգը եւ դառնալ հիւանդութեան պատճառ: «Յաճախ պատուաստուած մարդիկ կը հիւանդանան «ասիմփթոմաթիք» ձեւով ու կը դառնան…

Բա՞լ, Թէ՞ Կեռաս

Բալը կարեւոր առաւելութիւն ունի կեռասին հետ բաղդատելով։ Երկու պտուղներն ալ կը պարունակեն մեծ քանակութեամբ արժէքաւոր նիւթեր, բայց բալը աւելի հարուստ է վիթամինա-հանքային կազմով, իսկ շաքարը՝ երկու անգամ աւելի քիչ է, քան կեռասին մէջ։ Այս մասին տեղեկացուցած է սննդաբան Սվետլանա Ֆուսը։ Անոր խօսքով՝ բալի «կլայքեմիք ինտեքս»-ը ցած է, ամէնէն ցածերէն մէկը բոլոր պտուղներու մէջ։ Իսկ բալի…

Pfizer Եւ BioNTech Կ՛առաջարկեն Օգտագործել Պատուաստի Երրորդ Չափաբաժինը

Pfizer եւ BioNTech ընկերութիւնները պիտի առաջարկեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու սննդանիւթերու եւ դեղամիջոցներու որակի առողջապահական հսկողութեան վարչութեան (FDA) եւ Դեղամիջոցներու եւրոպական գործակալութեան (EMA), որպէսզի համաձայնութիւն տալն քորոնա ժահրի դէմ պատուաստի երրորդ չափաբաժինին որպէս «պուսթըր»։ Այս մասին տեղեկացուցած է Reuters-ը՝ յղում կատարելով Pfizer ընկերութեան գլխաւոր գիտաշխատող Միքայէլ Տոլսթենին։ «Պուսթերային» ներարկումի փորձարկման արդիւնքները ցոյց տուած են, որ պատուաստի…

Չպատուաստուած Մարդիկ Կրնան Նպաստել Քորոնա Ժահրի Նոր Շտամներու Ստեղծման

Պատուաստումէն հրաժարող մարդիկ կը վտանգեն ոչ միայն իրենց առողջութիւնը, այլեւ կը դառնան «նոր շտամներու արտադրութեան գործարաններ»։ Այսպիսի կարծիք յայտնած է Վանտերպիլթի համալսարանի Բժշկական կեդրոնի վարակիչ հիւանդութիւններու բաժանմունքի փրոֆեսոր, տոքթոր Ուիլիամ Շաֆներ։ Անոր խօսքով՝ ներկայիս մարդկային օրկանիզմը քորոնա ժահրի նոր տարբերակներու տարածման միակ աղբիւրն է։ Եւ որքան շատ ըլլան չպատուաստուած մարդիկը, այնքան աւելի մեծ կ՛ըլլան ժահրի…

Ե՞րբ Եւ Որքան Պաղպաղակ Ուտել

Ե՞րբ ճիշդ է պաղպաղակ ուտելը՝ առողջ մնալու եւ աւելորդ կշիռք չհաւաքելու համար: Այս մասին իր կարծիքը յայտնած է սննդաբան Թամարա Փրունցեւա: Մասնագէտին խօսքով՝ կարեւոր են պաղպաղակ ուտելու ժամը եւ չափաբաժինը: Բնական կշիռք ունեցող մարդը կրնայ մէկ փոքր պնակ պաղպաղակ ուտել որպէս երկրորդ նախաճաշ, յատկապէս տաք եղանակին: Այնուամենայնիւ, գիշերային ժամերուն չի յանձնարարուիր պաղպաղակ ուտել (նոյնիսկ եթէ…

Ինչպիսի՞ Խմիչքներ Օգտակար Են Լեարդին Համար

Որոշ խմիչքներ կրնան օգնել վերականգնելու լեարդի գործառոյթը, յայտնած է սննդաբան եւ «կասթրոէնթերոլոկ» Ալինա Պուտաքովսքայա: Մասնագէտը նշած է, որ նման խմիչքներ հիմնականին մէջ ստեպղինի եւ դդումի հիւթեր կը ներառեն: Ստեպղինը, ինչպէս բոլոր նարնջագոյն եւ դեղին բանջարեղէնները, հարուստ են «քարոթինոիտ»-ներով, որ կը նուազեցնեն լեարդին վրայ «թոքսին»-ներու վնասակար ազդեցութիւնը: Մասնագէտին համաձայն, օրուան ընթացքին, կարելի է խմել 250 միլիլիթր…

Ինչպէ՞ս Յաղթահարել Քաղցրի Հանդէպ Հակումը

Շատ մարդիկ աւելորդ կշիռք ունին եւ ոչ մէկ ձեւով կը յաջողին նիհարնալ, որովհետեւ շատ քաղցր կը սիրեն: Ինչպէ՞ս կարելի է յաղթահարել այս ձգտումը: Սննդաբան Ռուճութա Տիվեքար այս մասին քանի մը խորհուրդներ տուած է։ Անոր խօսքով՝ նախ պէտք է գիտնալ բնական անօթութիւնը զանազանել սնունդի նկատմամբ անցողական ձգտումէն, որ շատ յաճախ հոգեբանական ծագում կ՛ունենայ: Շատ պարագաներու, մարդիկ…

Ինչո՞վ Օգտակար Է Կաղամբը Առողջութեան Համար

Կարելի՞ է արդեօք կանոնաւոր ձեւով օգտագործել կաղամբը: Կաղամբը կը պարունակէ շարք մը վիթամիններ եւ հանքանիւթեր՝ C, A, K, B վիթամինները, «պեթաքարոթին»ը, «քալսիում»ը, եւ «մակնիզիում»ը, ինչպէս նաեւ «լիութէին» եւ «թէանին» ամինաթթուները: Կաղամբը հարուստ է նաեւ բջիջանիւթով, որ անփոխարինելի է լեարդի եւ աղիքներու առողջութեան համար: Անիկա կ՛օգնէ հեռացնելու աւելորդ քոլեսթերոլը եւ լեարդի նիւթափոխանակութեան արտադրութիւնը, հետեւաբար կաղամբը մեր…

Ի՞նչ Հիւանդութիւն Ցոյց Կու տայ Քիթէն Արիւնահոսութիւնը

Քիթէն արիւնահոսութիւնը կրնայ ըլլալ լեարդի վտանգաւոր վիճակի նշաններէն մէկը, որու պարագային այս օրկանին մէջ ճարպի մեծ քանակ կը կուտակուի: Լեարդի ճարպակալումը կրնայ զարգանալ քանի մը պատճառներով, որոնց շարքին է ալքոլի շատ օգտագործումը: Լեարդին մէջ կը կուտակուին ալքոլի քայքայումէն ետք մնացած վնասակար նիւթերը, եւ ատոնք կրնան վնասել լեարդին բջիջները, որու պատճառով լեարդը դիւրութեամբ կը բորբոքի, վատօրէն…