Կենդանիները Կրնան «Քորոնա» Ժահրի Առաւել «Ակրեսիւ» Տարբերակներու Աղբիւր Դառնալ. Մասնագէտ
«Քորոնա» ժահրի նոր, առաւել «ակրեսիւ» տարբերակներու աղբիւր կրնայ դառնալ անասունը՝ կը յայտնէ փրոֆեսոր, կենսաբանական գիտութիւններու տոքթոր Ալեքսէյ Ակրանովսքին: «Եթէ տեղ մը պէտք է սպասել ժահրի «ակրեսիւ» տարբերակներուն, ապա, այդ մէկը ամենայն հաւանականութեամբ, անասուններու «ռեզերվուար»-ները պիտի ըլլան…Մարդկային բնակչութեան մէջ այդ մէկը տեղի չունենար»,- ըսած է մասնագէտը: Մասնագէտին խօսքով՝ «ակրեսիւ» «միւթէյշըն»-ներու (օրկանիզմի ժառանգական յատկանիշներու յանկարծակի եւ կտրուկ…