ԱՀԿ Կոչ Կ՛ուղղէ Մահացու Համավարակի Մը Յառաջացման Սպառնալիքի Մասին
Կարելի չէ բացառել COVIDի նոր՝ աւելի վտանգաւոր, համավարակի սպառնալիքը։ Այս մասին Ժընեւի մէջ, տարեկան իր վեհաժողովին ընթացքին յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավար Թետրոս Կեպրեյեսուս։ «COVIDի այլ տեսակի մը յառաջացման սպառնալիքը, որ կրնայ յանգեցնել հիւանդութեան եւ մահացութեան նոր բռնկումներու, կը շարունակէ պահպանուիլ։ Կը մնայ նաեւ նոր՝ աւելի մահացու «փոթենշըլ» ունեցող «փաթոճեն»ի յառաջացման սպառնալիքը»,- նշած է…