Գիտնականները Նեարդակենսաբանական Մօտել Կը Ստեղծեն

Հարաւային Ափրիկէի, Աւստրալիոյ եւ Պրեմենի մէջ գտնուող Ճէյքըպսի համալսարանի նեարդակենսաբանները համակարգչային «մօտել» մը մէջտեղ բերած են, որ ստեղծագործական գործընթացները կը բաշխէ ուղեղի «նիւրոնային» ցանցերուն: Ստեղծագործական գործունէութենէն մեկնելով այդ ցանցերը կրնան տարբեր ձեւով դասաւորուիլ: Հետազօտութեան արդիւնքները վերջերս հրապարակուած են Neuroscience & Biobehavioral Reviews ամսագրին մէջ, որ նոր, օգտակար եւ անսպասելի լուծումներու ստեղծումն է: Հետազօտողները կը պնդեն,…

Կարելի՞ Է Երիտասարդացնել Մարդը. «Պենճըմըն Պաթոնի Էֆեքթ»

Հարվըրտի բժշկական դպրոցի մոլեքիւլային կենսաբան Տէյվիտ Սինկլըրի տարրալուծարանին մէջ ծեր մուկերը դարձեալ կ՛երիտասարդանան։ Օգտագործելով սպիտակուցներ, որոնք կրնան ծերացած բջիջը վերածել ցօղունային բջիջի, Սինկլըր՝ իր խումբին հետ միասին վերադարձուցած են մկաններու ծերացող բջիջները իրենց աւելի կանուխ տարբերակներուն։ Խումբին առաջին յայտնագործութեան ժամանակ, որ հրապարակուած է 2020ի վերջաւորութեան, վատ տեսողութեամբ եւ վնասուած ցանցաթաղանթով ծեր մուկերը յանկարծ կրցած են…