Արթրիտ. յօդերու բորբոքում եւ վնասուածք որ կրնայ պատահիլ բոլոր տարիքի մարդոց

Ի՞նչ է արթրիտը Արթրիտը կ՛առնչուի աւելի քան 100 «րէօմաթիք» հիւանդութիւններու եւ պայմաններու, որոնք կ՛ազդեն յօդերու վրայ: «Արթրիտ» բառը կը նշանակէ «յօդերու բորբոքում»: Այնուամենայնիւ, բորբոքումը կրնայ ազդել նաեւ յօդը շրջապատող ջիլերու եւ նեարդակապերու վրայ: Ախտանիշները կրնան զարգանալ աստիճանաբար կամ յանկարծակի կերպով եւ կրնան խաթարել մարդու մը առօրեայ աշխատանքները կատարելու կարողութիւնը: Արթրիտի տեսակները Գոյութիւն ունի արթրիտի աւելի…

Օրական որքան ժամանակ պէտք է նստիլ, կանգնիլ եւ քնանալ

Սուինպըրնի արուեստագիտական համալսարանի եւ Baker Heart and Diabetes Institute-ի գիտնականները վերլուծած են աւելի քան 2000 մարդու վարքագիծը 24 ժամուան ընթացքին, որոշելու համար քնանալու, ֆիզիքապէս աշխուժ ըլլալու եւ նստելու ու կանգնելու ամենէն նպաստաւոր ժամանակը: Նոր հետազօտութիւնը, med-heal.ruի համաձայն, հրապարակուած է Diabetologia ամսագրին մէջ։ Հետազօտողներու կարծիքով, այսպիսի գործողութիւններու «օփթիմըլ» հաւասարակշռութիւնը կը կրէ հետեւեալ ձեւը. 6 ժամ նստած…

Անդրմանիշակագոյն լոյսով օդը մաքրելու նոր մեթոտը կրնայ աշխարհը պաշտպանել նոր համաճարակէ

Օդի ախտահանման նոր արհեստագիտութիւնը կրնայ կանխել այլ համաճարակ մը, կը յայտնէ Քլինիքըլ մանրէաբանութեան եւ վարակիչ հիւանդութիւններու եւրոպական միութիւնը: Անդրմանիշակագոյն լոյսի հակապաքթիրըլ եւ հակաժահրային աշխուժութիւնը յայտնի է 1940ական թուականներէն: Անիկա մեծածաւալ կ՛օգտագործուի հիւանդանոցներու մէջ, սակայն ախտահանումը կը կիրառուի միայն այն պարագային, երբ սենեակին մէջ մարդ չկայ. անդրմանիշակագոյն ճառագայթումը վտանգաւոր է աչքերուն եւ մորթին համար։ Սենեակներու ախտահանման…

Գիտնականներ կը բացայայտեն «ֆասթֆուտի գրաւչութեան» գաղտնիքը

Աւստրիացի գիտնականներ բացայայտած են, թէ ինչո՞ւ մարդիկ հակում ունին չափէն աւելի վնասակար սնունդ ստանալու: Ի յայտ եկած է, որ որքան մեծ ըլլայ «ֆասթֆուտ»ի չափաբաժինը, այնքան աւելի համեղ կը թուի ըլլալ սպառողին համար։ Հետազօտութիւնը հրապարակուած է «Appetite» գիտական ​​ամսագրին մէջ։ «Համատարած համոզում է, որ մարդիկ կը կարծեն, թէ առողջապահական սնունդը չի կրնար համեղ ըլլալ, ինչ որ…

Մէզի քննութիւնը կրնայ բացառել շագանակագեղձի վտանգաւոր քաղցկեղը գրեթէ 100 տոկոս ճշգրտութեամբ

Հետազօտութիւն մը ցոյց տուած է, որ մէզի քննութիւն մը կրնայ զանազանել դանդաղ աճող շագանակագեղձի քաղցկեղը անոր «ակրեսիվ» տեսակէն: Այս տեղեկատուութիւնը կը նպաստէ, որ բժիշկները աւելի քիչ շագանակագեղձի ոչ անհրաժեշտ «պայոփսի» պահանջեն. այս մասին յայտնած են JAMA Oncology ամսագրին մէջ հրապարակուած յօդուածի մը հեղինակները: Ինչպէս պարզած են գիտնականները, 20 տարի առաջ բժիշկները կը բուժէին շագանակագեղձի որեւէ…

Գիտնականներ մարդու թոքերու մինի տարբերակ կը ստեղծեն

Մեծն Բրիտանիոյ Մանչեսթըրի համալսարանի գիտնականները ցoղունային բջիջներէն մարդու թոքերու «մինի» տարբերակ ստեղծած են։ Այս յատուկ թոքերը կարողութիւնը ունին ընդօրինակելու կենդանի հիւսուածքներու արձագանգը, երբ անոնք կ՛ենթարկուին տարբեր նանոնիւթերու։ Հետազօտութիւնը հրապարակուած է Nano Today գիտական ​​ամսագրին մէջ։ Բժշկութեան Նանօարհեստագիտական կեդրոնի համալսարանի «Նանօ-Սել Պայոլոճի Լէպ»ի հետազօտութիւնը հրապարակուած է «Նանօ Թուտէյ» գիտական ամսագրին մէջ: Օրկաններու այս մոտելները, որոնք կը…

Նիճերիան յառաջամարտիկ՝ մենինճիթի դէմ յեղաշրջող պատուաստի պատրաստութեան մէջ

Ափրիկէի ամենահոծ բնակչութիւն ունեցող երկիրը՝ Նիճերիան, դարձած է աշխարհի առաջին երկիրը, որ յեղաշրջող պատուաստ թողարկած է «մենինճիթ»ի դէմ. այս մասին տեղեկացուցած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը: «Մենինճիթ»ը հին եւ մահացու թշնամի է, սակայն այս նոր պատուաստը ունի հիւանդութեան տարածման յետագիծը փոխելու, ապագայ բռնկումները կանխելու եւ շատ կեանքեր փրկելու կարելիութիւն»,- ըսած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն…

Թէյը կը նպաստէ քորոնաժահրի դէմ արդիւնաւէտ վերահսկումին

Ճորճիայի համալսարանի գիտնականներու կողմէ կատարուած հետազօտութիւն մը ցոյց տուած է, որ թէյի որոշ տեսակներ կրնան օգտակար ըլլալ SARS-CoV-2 քորոնաժահրի դէմ պայքարին։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Food and Environmental Virology ամսագրին մէջ: Փորձարկումի ընթացքին բացայայտուած է, որ սեւ թէյը, կոճապղպեղը եւ ազնուամորին, անանուխի «իւքալիփթըս»ը, անանուխի խառնուրդը եւ կանաչ թէյը կրնան 99,9 առ հարիւրով նուազեցնել թուքի մէջ…

Գիտնականները կը յայտնաբերեն տեսողական ընկալումի արագութեան տարբերութիւններ

Տապլինի Թրինիթի-քոլէճի հետազօտողները յայտնաբերած են, որ մարդիկ կը տարբերին տեսողական ազդանշաններու ընկալման արագութեամբ։ Ոմանք արագ կ՛ընկալեն փոխուող տեսողական ազդանշանները այնպիսի յաճախակիութեամբ, որոնք անհասանելի կ՛ըլլան ուրիշներու, այլ խօսքով՝ ոմանք աւելի մեծ քանակութեամբ տեսողական տեղեկութիւն կը ստանան որոշ ժամանակի ընթացքին, քան ուրիշները։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են «PLOS One» ամսագրին մէջ։ Այս յայտնագործութիւնը կը վկայէ, որ ոմանք ունին…

Քրոնիք ցաւը, ծունկի օսթէօարթրիտը կապ ունին ուղեղի արագ ծերացման հետ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի գիտնականներու նոր ուսումնասիրութեան համաձայն՝ մկանային-կմախքային քրոնիք ցաւը կրնայ նպաստել ճանաչողական անկման վտանգի բարձրացման: Հետազօտութեան հեղինակները, որ հրապարակուած է Nature Mental Health ամսագրին մէջ, ուսումնասիրած են Մեծն Բրիտանիոյ աւելի քան 9000 մարդու ՄՌՏ (Magnetic resonance imaging) տուեալները եւ կապ յայտնաբերած են ծունկի օսթէօարթրիտի (AKS) եւ ուղեղի արագ ծերացման միջեւ: Հետազօտողները մշակած…