Աշխատանքի Երթալու Ճամբան Կրնայ Վնասակար Դառնալ Առողջութեան Համար

Աշխատանքի երկար տեւող ճամբան կապուած է աւելի քիչ ֆիզիքական «աքթիվութեան», աւելորդ կշիռքի եւ քունի հետ կապուած խնդիրներու հետ, բացայայտած են Սթոքհոլմի համալսարանի գիտնականները: Աւելին, կախեալ ըլլալով այն բանէն, թէ ո՛ւր կը գտնուի գրասենեակը, աշխատողը կրնայ նաեւ «ալքոլիզմ»ի հակում ունենալ: Մասնագէտներու հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են համալսարանի կայքին մէջ: Գիտնականները օգտագործած են առողջական վիճակի շուէտական հետազօտութեան տուեալները,…

COVID-19ի Արտակարգ Դրութեան Ռեժիմի Աւարտ Աշխարհի Տարածքին

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը յայտարարած է աշխարհի մէջ COVID-19 համավարակով տեղի ունեցած արտակարգ դրութեան ռեժիմի աւարտի մասին։ Այս գծով Ժնեւի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Հեպրեյեսուս։ Ան յայտնած է, որ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան արտակարգ իրավիճակներու մասնագէտներու կոմիտէն առաջարկած է չեղեալ նկատել COVID-19-ի՝ միջազգային նշանակութիւն ունեցող հանրային առողջապահութեան…