Գիշերային ծոմապահութիւնը եւ մարմնի կենսաբանական րիթմը կրնան բարելաւել սրտամեթապոլիք առողջութիւնը

Քնանալէ առնուազն երեք ժամ առաջ ուտելը դադրեցնելը կրնայ նպաստել սրտի առողջութեան բարելաւման։ . Վերջին քանի մը տարիներուն «սրտամեթապոլիք» առողջութեան վերաբերող հետազօտութիւնները աճ արձանագրած են։ . Նախորդ հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ մարդիկ կրնան բարելաւել իրենց «սրտամեթապոլիք» առողջութիւնը՝ ընտրելով առողջ ապրելակերպ, օրինակ՝ առողջ սննդականոնի հետեւելով եւ բաւարար ու որակաւոր քուն ունենալով։ . Նոր ուսումնասիրութիւն մը կը…

Քրոնոսնուցում․ ինչո՞ւ ուտելու ժամանակը կարեւոր է ձեր առողջութեան համար

Մենք յաճախ շատ ժամանակ կը վատնենք մտածելով, թէ ինչպիսի սնունդ ստանալը ամենէն լաւն է, բայց արդեօք կը մտածե՞նք, թէ երբ է ուտելու ամենէն յարմար ժամանակը։ Այլ խօսքով՝ մենք յաճախ կը կեդրոնանանք այն բանի վրայ, թէ ո՞ր ուտելիքները առողջարար են, բայց հազուադէպ կը մտածենք, թէ ե՞րբ է զանոնք ուտելու ամենէն լաւ ժամանակը։ Գիտնականները այժմ կ՛ուսումնասիրեն, թէ…

Սէրը աշխատանքի հանդէպ կրնայ ամրապնդել ֆիզիքական առողջութիւնը, կ՛ըսեն գիտնականները

Ալպերթայի համալսարանի գիտնականները բացայայտած են, որ այն աշխատակիցները, որոնք անկեղծօրէն կը սիրեն իրենց աշխատանքը, կը ցուցաբերեն ֆիզիքական առողջութեան աւելի լաւ ցուցանիշներ, ինչպէս նաեւ կը դրսեւորեն մտատանջութեան եւ ընկճախտի աւելի ցած մակարդակներ։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Human Resource Management (HRM) գիտական ամսագրին մէջ։ Գիտնականները ութ ուսումնասիրութիւններու ընթացքին հետեւած են աւելի քան 1,800 մասնակիցներու ֆիզիքական եւ հոգեկան…

Ամերիկացի գիտնականները կ՛աշխատին թոքի վարակներու դէմ համընդհանուր պատուաստի վրայ

Ամերիկացի գիտնականները քիթի «սփրէյ»-ի տեսքով նոր պատուաստ կը պատրաստեն, որ ունակ կրնայ ըլլալ պաշտպանելու օրկանիզմը «կրիփ»-ի բոլոր տեսակներէն, ցրտահարութենէն, թոքային մանրէային վարակներէն եւ նոյնիսկ «ալերժի»-ի որոշ տեսակներէն, կը յայտնէ BBC-ն: Սթենֆորտի համալսարանի գիտնականները արդէն իսկ փորձարկած են իրենց «համընդհանուր պատուաստը» անասուններու վրայ, սակայն այժմ անհրաժեշտ է զայն փորձարկել մարդոց վրայ։ Գիտնականները կ՛ըսեն, որ անոնք կ՛որդեգրեն…

Գիտնականները կը յայտնաբերեն Փարքինսոնի հիւանդութիւնը մազերու միջոցով ախտորոշելու նոր մեթոտ

Չինացի հետազօտողները յայտնաբերած են, որ մազերը կրնան Փարքինսոն-ի հիւանդութեան (Parkinson’s disease) նշաններ ընդգրկել։ Անոնք վերլուծած են ​​60 ախտորոշուած հիւանդներէ առնուած մազի նմուշներ եւ բաղդատած՝ նոյն տարիքի առողջ մարդոց մազերուն հետ։ Արդիւնքները հրապարակուած են iScience գիտական ամսագրին մէջ։ Փարքինսոն-ի հիւանդութենէն տառապող հիւանդներու մազերուն մէջ յայտնաբերուած է երկաթի եւ պղինձի ցած մակարդակ, ինչպէս նաեւ «մանկանիզ»-ի (manganese) եւ…

Խուրմայի բջիջանիւթը կը նպաստէ աղիքային առողջութեան՝ բազմաթիւ մեքանիզմներու միջոցով

Ապերտինի համալսարանի հետազօտողներու համաձայն՝ Rojo Brillante խուրմայի տեսակի քայքայման արտադրութիւնները կրնան բարելաւել աղիքային պատնէշի ամբողջականութիւնը եւ նուազեցնել բորբոքումը՝ խթանելով օգտակար մանրէներու զարգացումը։ Արդիւնքները հրապարակուած են Food & Function (F&F) գիտական ամսագրին մէջ։ Գիտնականները վերլուծած են մշակուած խուրմայէ ստացուած լուծելի եւ անլուծելի բջիջանիւթի բաղադրամասերը եւ կատարած են փորձարարական խմորման փորձեր՝ առողջ կամաւորներու աղիքային «միքրոֆլորա»-ի միջոցով։ Արդիւնքները…

2026-ին առողջութեան բարելաւման 5 դիւրին միջոց՝ գիտական հիմքերով

Շատ մարդիկ կը փնտռեն պարզ, գործնական եւ գիտական ապացոյցներով հիմնաւորուած միջոցներ՝ իրենց առողջութիւնը բարելաւելու համար։ Նոյնիսկ փոքր, բայց հետեւողական փոփոխութիւնները կրնան մեծ ազդեցութիւն ունենալ առողջութեան վրայ։ Ահաւասիկ գիտութեան կողմէ հաստատուած հինգ քայլ, որոնք կարելի է կատարել 2026-ին՝ ֆիզիքապէս, հոգեպէս եւ զգացական գետնի վրայ ձեր բարեկեցութիւնը բարելաւելու համար։ 1. Աւելի ջուր խմեցէ՛ք Օրկանիզմը բաւարար ջուրով ապահովելը…

Գիտնականները կը յայտնաբերեն ոսկորները օսթէոփորոզէն պաշտպանող մեքանիզմ

Գիտնականները բացայայտած են մոլեքիւլային մեքանիզմ մը, որու միջոցով ֆիզիքական աշխուժութիւնը կ՛ամրապնդէ ոսկորները։ Միջազգային հետազօտական խումբը, որ կը ղեկավարուէր Հոնկ Քոնկի համալսարանի մասնագէտներու կողմէ յայտնաբերած է, որ Piezo1 սպիտակուցը կարեւոր դեր կը խաղայ այս գործընթացին մէջ։ Անոնց ուսումնասիրութեան արդիւնքները հրապարակուած են Signal Transduction and Targeted Therapy (STTT) ամսագրին մէջ։ Piezo1-ը ոսկորներուն մէջ կը գործէ որպէս «շարժման…

Ամէն ամէնը, որ պէտք է իմանալ մահացու Նիպահ ժահրի մասին

Հնդկաստանի Քալքաթա քաղաքի մօտակայքը մահացու «նիպահ» ժահրի բռնկում պատահած է, որուն դէմ պատուաստ չկայ։ Արձանագրուած է հինգ պարագայ։ Ներկայ բռնկումը նշանակալի է, որովհետեւ Արեւմտեան Պենկալի մէջ 2007-էն ի վեր առաջին հաստատուած դէպքն է։ Երկարատեւ բացակայութենէ ետք ժահրին վերադարձը տարածաշրջան հանրային առողջապահական հսկողութեան տեսանկիւնէն մտահոգութիւններ յառաջացուցած է։ Հնդկաստանի եւ Արեւմտեան Պենկալի իշխանութիւնները յայտարարած են արագ եւ…

Գիտնականները կը յայտնաբերեն շաքարախտի զարգացման նոր գործօնը

Մարդու օրկանիզին մէջ «քրոմ միքրոտարր»-ի պակասը կրնայ յանգեցնել երկրորդ տիպի շաքարախտի զարգացման, յայտնած են Հարաւային Ուրալի պետական համալսարանի մասնագէտները՝ համագործակցելով միջազգային գիտական խումբին հետ: Այս բացայայտումը կ՛արտօնէ ափի մորթի արագ «սքրինինկ»-ի միջոցով բացայայտել վտանգի խումբին մէջ գտնուող հիւանդները: Արդիւնքները ներկայացուած են SHIFAA ամսագրին մէջ: Երկրորդ տիպի շաքարախտը հիւանդութիւն մըն է, որու պարագային օրկանիզմը չի կրնար…