«Քորոնա» Ժահրին Դէմ «Ռեմտեսիվիր»-ի Արդիւնաւէտութեան Փաստ Չկայ
«Քորոնա» ժահրին դէմ «ռեմտեսիվիր»-ի արդիւնաւէտութեան փաստ չկայ: Այս մասին յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը՝ առողջապահութեան մարզին մէջ արտակարգ իրավիճակներու ծրագիրներու տնօրէն Մայքըլ Ռայան: Աւելի կանուխ, «ռեմտեսիվիր»-ի փորձարկումները ցոյց տուած են, որ անիկա կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ «քորոնա» ժահրի բուժման պարագային: Այդ դեղամիջոցը, նախնական տուեալներով, կը նուազեցնէ ախտանիշներու յայտնաբերումի տեւողութիւնը 15 օրէն մինչեւ 11: Սկզբունքով, այդ հակաժահրային…










