«Քորոնա» ժահրին դէմ «ռեմտեսիվիր»-ի արդիւնաւէտութեան փաստ չկայ: Այս մասին յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը՝ առողջապահութեան մարզին մէջ արտակարգ իրավիճակներու ծրագիրներու տնօրէն Մայքըլ Ռայան:
Աւելի կանուխ, «ռեմտեսիվիր»-ի փորձարկումները ցոյց տուած են, որ անիկա կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ «քորոնա» ժահրի բուժման պարագային: Այդ դեղամիջոցը, նախնական տուեալներով, կը նուազեցնէ ախտանիշներու յայտնաբերումի տեւողութիւնը 15 օրէն մինչեւ 11:
Սկզբունքով, այդ հակաժահրային դեղամիջոցը ստեղծուած էր «էպոլա»-ի բուժումին համար: