Ինչո՞ւ քորոնա ժահրէն պաշտպանուելու համար պէտք է դիմակ կրել, իսկ ձեռնոց՝ ոչ: Նման կարծիք յայտնած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի բժշկական բաժանմունքի համաճարակաբան Պրենտըն Պրաուն, հաղորդած է MedicalXpress-ը:
Մասնագէտը յիշեցուցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հիւանդութիւններու կանխարգիլումի եւ վերահսկումի կեդրոնի յանձնարարականներու մասին: Չնայած անոր, որ դիմակը չի պաշտպաներ ժահրերէն, անիկա կը պաշտպանէ դէմքի հպումներէն:
Բրիտանացի վիրաբուժ Քարան Ռանկարաժան ըսած է, որ ռեզինէ ձեռնոցները մարդոց մօտ պաշտպանուածութեան զգացում կը յառաջացնեն, սակայն խնդիրը այն է, որ մարդը ձեռնոցներով կը դպչի շատ մը իրերու, որոնց մակերեսներուն վրայ ժահրեր կան:
Պրաուն նշած է, որ ընկերային հեռաւորութիւնը քորոնա ժահրին դէմ պայքարի միակ միջոցն է: Ան յանձնարարած է խանութ այցելութենէն ետք, ձեռքերը լուալ, փոխել հագուստը եւ ախտահանել ձեռքերը, իսկ տուն բերուած ապրանքները որոշ ժամանակ ձգել միջանցքին կամ կառատան մէջ (եթէ կայ):