Երիտասարդ Տարիքին Ալքոլի Շատ Օգտագործումը Կ՛աւելցնէ Քաղցկեղի Յառաջացման Վտանգը
Ալքոլի օգտագործումը կանուխ տարիքին կ՛աւելցնէ քաղցկեղի յառաջացման վտանգը ապագային: Նման եզրակացութեան յանգած են Մելպուռնի համալսարանի մասնագէտները նոր հետազօտութեան մը ընթացքին։ Մասնագէտները վերլուծած են քաղցկեղի հեռանկարային հետազօտութեան տուեալները, որուն մասնակցած են 22756 կին եւ15701 տղամարդ 1990-1994 թուականներուն, գրած է Medportal.ru-ն: Կամաւորները բաժնած են քանի մը խումբերու՝ կախեալ տարբեր տարիքի ալքոլի օգտագործման մակարդակէն։ Ծանր գինովութիւն նկատուած է…