Համաշխարհային ջերմացումը կրնայ նպաստել «ուղեղը փճացնող միաբջիջներու» տարածման
Երկրագունդի հիւսիսային տարածաշրջաններուն մէջ կը տարածուի Naegleria fowleri վտանգաւոր ախտածինը, որ յայտնի է որպէս «ուղեղը փճացնող միաբջիջ»: Անցեալին, այս ախտածինը կը բնակէր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հարաւային նահանգներու տաք քաղցրահամ ջրամբարներուն մէջ: Բայց վերջին շրջանին, իրավիճակը սկսած է փոխուիլ համաշխարհային ջերմացումի պատճառով: Այս մասին կը նախազգուշացնեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հիւանդութիւններու վերահսկումի եւ կանխարգիլումի կեդրոնի (CDC) մասնագէտները:…