«Քորոնա» Ժահրով Վարակում Կարելի՞ Է Թղթադրամի Միջոցով
Հաւանակա՞ն է վարակուիլ «քորոնա» ժահրով՝ թղթադրամի միջոցով: Հետազօտութիւնը, որու արդիւնքները հրապարակած է Անգլիոյ Կեդրոնական դրամատունը, գնահատած է այդ վտանգը: Հետազօտութեան արդիւնքները ցոյց տուած են, որ կանխիկ գումարի միջոցով, «քորոնա» ժահրով վարակուելու հաւանականութիւնը չափազանց փոքր է, եթէ նոյնիսկ հիւանդը փռնքտայ թղթադրամին վրայ: Սակայն ոչ բոլոր մասնագէտները կը կիսեն այդ կարծիքը, հաղորդած է Medportal.ru-ն: Մարտին, Հոնքոնկի համալսարանի…