Բուսակերութիւնը Կրնայ Վտանգաւոր Ըլլալ Կիներու Համար

Միջին տարիքի կիներու մօտ, որոնք երբեք միս չեն ուտեր, ազդրի կոտրուածք ունենալու հաւանականութիւնը կրնայ աւելի մեծ ըլլալ, քան այն կիներուն մօտ, որոնք կանոնաւոր կերպով միս եւ/կամ ձուկ կ՛ուտեն, յայտնած են գիտնականները BMC Medicine ամսագրին մէջ հրապարակուած նոր հետազօտութեան մէջ: Հետազօտողները կը կասկածին, որ մարմնի ցած զանգուածի ինտեքսը եւ սննդանիւթերու պակասը որոշ դեր կը խաղան: Մարմնի…

Ուտելիքներ Որ Կարելի Չէ Սառեցնել

Որոշ պարագաներու սառեցուած սնունդը ոչ միայն կը կորսնցնէ իր սկզբնական կառուցուածքը, այլեւ կրնայ վնասակար ըլլալ առողջութեան համար: Նման կարծիք յայտնած է «թերափիսթ եւ կասթրոէնթերոլոճիսթ» Սերկէյ Լոփաթին զրոյցի մը ընթացքին։ Սառեցուած հատապտուղներու, միրգերու եւ բանջարեղէնի օգուտներն ու վնասները բժշկական հանրութեան մէջ հակասութիւններ կը յառաջացնեն։ Մէկ կողմէ, նոյնիսկ ցած ջերմաստիճանի պարագային, պտուղները կը պահպանեն օգտակար նիւթերու մեծ…

Ամռան Ակռաները Առողջ Պահելու Հինգ Կանոն

Ամռան եղանակին շատեր կը սկսին աւելի պաղպաղակ եւ հատապտուղներ ուտել, ինչպէս նաեւ՝ կազ պարունակող խմիչքներ օգտագործել. այս բոլորը կ՛ազդեն ակռայի «էմալ»ին վրայ եւ կը ստեղծեն «քարիես»։ Տաքը կրնայ աւելցնել ակռաներու քրոնիք հիւանդութիւնները: Այս մասին կը զգուշացնէ ատամնաբոյժ Կլեպ Փեքլին։ Ան հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած է տաք եղանակին ակռաներու առողջութեան պահպանման 5 կանոններու մասին։ Արձակուրդէն առաջ…

Կապ՝ Սննդարար Ուտելիքներու Անբաւարար Օգտագործման Եւ Երիկամներու Քրոնիք Հիւանդութեան Միջեւ

Տարբեր պտուղներու եւ բանջարեղէնի օգտագործումը սովորական թելադրանք է, սակայն շատ ամերիկացիներ քիչ կ՛օգտագործեն այդ սննդարար ուտելիքները, ըսուած է Journal of Renal Nutrition-ին մէջ հրապարակուած նոր հետազօտութեան մէջ: Այս մէկը յատկապէս կը վերաբերի երիկամներու քրոնիք հիւանդութիւն ունեցող չափահաս անձերու, որոնք կ՛ուտեն քիչ քանակութեամբ պտուղներ եւ բանջարեղէն, քան այդ հիւանդութիւնը չունեցող նման մարդիկ, յայտնած են Վըրճինիայի համալսարանի…

Պաղպաղակը Կոկորդի Ցաւ Կը Յառաջացնէ՞

Ռուսիոյ Քլինիքական ֆարմաքոլոճիի եւ դեղագործութեան ազգային գործակալութեան քլինիքի գլխաւոր բժիշկ Լեոնիտ Քարեւ պատասխանելով լրագրողի հարցումին ըսած է, որ պաղպաղակը կոկորդի ցաւ չի կրնար յառաջացնել: «Պաղպաղակը չի կրնար կոկորդի ցաւի պատճառ դառնալ։ Այս հիւանդութեան պատճառը վարակն է. յաճախ քրոնիք, որ կ՛ապրի քիթ-կոկորդին մէջ: «Հայփոթըրմիա»ն կրնայ միայն սադրիչ գործօն ըլլալ, որ կը յառաջացնէ հիւանդութիւնը: Ուստի քրոնիք «թոնսիլիթ»…

Կապիկի Ծաղիկի Բռնկումը՝ Արտակարգ Իրավիճակ

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը կապիկի ծաղիկի բռնկումը «կլոպըլ» արտակարգ իրավիճակ յայտարարած է, հաղորդած է AP-ը։ Այդ կը նշանակէ, որ կապիկի ծաղիկի բռնկումը «արտակարգ  իրադարձութիւն» է, որ կրնայ տարածուիլ շատ երկիրներու մէջ եւ կը պահանջէ համակարգուած «կլոպըլ» արձագանգ: Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը նախապէս արտակարգ իրավիճակ յայտարարած է COVID-19 համավարակը, 2014 թուականին Էպոլայի բռնկումը, իսկ 2016-ին Զիքա ժահրը։ Անցեալ…

Փոլիոմիելիթի Առաջին Պարագան ԱՄՆ-ու Մէջ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրուած է փոլիոմիելիթի առաջին պարագան գրեթէ տասնամեակէ մը ի վեր: Հիւանդութիւնը պատահած է չպատուաստուած չափահաս երիտասարդի մը, որ երկիրը չէր ձգած վերջերս, գրած է USA Today-ը։ Դէպքը, որ ուղեկցուած է կաթուածի ախտանիշներով, բարձր զգօնութեան վիճակի մատնած է Նիւ Եորքի Ռոքլենտ շրջանի հանրային առողջապահութեան աշխատակիցները: Ի՞նչ պէտք է գիտնալ փոլիոմիելիթի մասին. Փոլիոմիելիթը…

«Լասսա» Տենդով Վարակումը Կանգնեցնելու Բանալին. Գիտնականներ

«Լասսա» տենդը կամ բարձր տաքութիւնը ժահրային հիւանդութիւն է, որ յաճախ կը պատահի Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ։ Ծանր պարագաներուն, ատկէ մահացութիւնը կը հասնի 15 առ հարիւրի, յղի կիներու մօտ՝ 90 առ հարիւրի, ողջ մնացած մարդոց քառորդին մօտ անիկա կը յառաջացնէ խլութիւն, իսկ պատուաստներ կամ հակաժահրային դեղեր «Լասսա» վիրուսի դէմ պարզապէս գոյութիւն չունին։ Նոր հետազօտութեան մէջ, որ հրապարակուած…

Գիտնականները Կը Յայտնաբերեն Կապիկի Ծաղիկի Նոր Ախտանշաններ

The New England Journal of Medicine ամսագրին մէջ հրապարակուած են շարք մը դէպքեր, որ դարձած են 13 երկիրներու հետազօտողներու միջազգային համագործակցութեան արդիւնքը։ Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է կապիկի ծաղիկի վարակի նոր «քլինիք»ական ախտանշաններ, որ կը դիւրացնէ ախտորոշումը ապագային եւ կ՛օգնէ դանդաղեցնելու վարակի տարածումը։ Ներկայիս ժահրի տարածումը խիստ ձեւով կ՛անդրադառնայ ոչ աւանդական կողմնորոշում ունեցող տղամարդոց վրայ. վարակուածներու…

Ինչպէ՞ս Ճամբորդել Բարձր Ճնշում Ունենալու Պարագային

Արեան բարձր ճնշում եւ սրտանօթային համակարգի այլ «փաթոլոճի»ներ ունեցող մարդիկ երկար թռիչքներու ժամանակ պէտք է տարբեր շարժին օդանաւին մէջ, ըսած է սրտաբան Անասթասիա Լեպետեւա։ Ամառը արձակուրդներու եւ ճամբորդութիւններու եղանակ է։ Իսկ ինչպէ՞ս պէտք է ճամբորդեն արեան բարձր ճնշում ունեցող մարդիկ: Նախ՝ սրտաբանը կը յանձնարարէ, որ նախօրօք պէտք է ստուգել, որ ճամբորդական պայուսակին մէջ կան բոլոր…