Քորոնա Ժահրի «Կրկնակի Միւթանթ» Կը Յայտնաբերուի Հնդկաստանի Մէջ

Հնդկաստանի մէջ յայտնաբերուած է քորոնա ժահրի նոր եւ վտանգաւոր տարբերակ մը, որ կը կոչուի «կրկնակի միւթանթ», ինչպէս նաեւ շտամներ, որ առաջին անգամ յայտնաբերուած էին Մեծն Բրիտանիոյ, Հարաւային Ափրիկէի եւ Պրազիլիոյ մէջ: Համավարակաբանները նշած են, որ նոր շտամը ունի ժահրի արդէն իսկ յայտնի երկու տարբերակներու յատկանիշները եւ ճիշդ այդ պատճառով զայն անուանած են «կրկնակի միւթանթ», փոխանցած…

Մաշկին Վրայ Կապտուկներ Յառաջանալու Հինգ Պատճառ

Եթէ մորթին վրայ կապտուկներ դիւրութեամբ յայտնուին՝ աննշան հարուածներու հետեւանքով կամ ընդհանրապէս առանց որեւէ յայտնի պատճառի, այդ արդէն բաւարար է, որպէսզի զգուշանանք: Անշուշտ, այս ախտանիշը միշտ չի վկայեր լուրջ խնդիրներու մասին, բայց պէտք չէ անտեսել զայն: Ահաւասիկ քանի մը պատճառ, թէ ինչո՞ւ ձեր մաշկին վրայ դիւրութեամբ կապտուկներ կը յառաջանան: Ուլթրամանիշակագոյն ճառագայթով մաշկի ախտահարում Ուլթրամանիշակագոյն ճառագայթներու «ակրեսիվ»…

Ձեռքերու Ախտահանման Միջոցներու Յաճախակի Օգտագործումը Կրնայ Յանգեցնել Զանազան Խնդիրներու

Քորոնա ժահրի համավարակի պայմաններուն մէջ, մարդիկ սկսած են աւելի յաճախ օգտագործել ախտահանող միջոցներ եւ «հակապաքթիրիըլ ժելեր ու սփրէյ»-ներ: Գիտնականները կը կարծեն, որ այս միտումը երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ կրնայ խնդիրներ յառաջացնել մարդու առողջութեան եւ միջավայրին համար: Հաւանական թունաւորում Ձեռքերու ախտահանող միջոցները աւելի շատ ալքոլ` «էթանոլ» կամ «իզոփրոփանոլ» կը պարունակեն 60-95% խտացումով: Ոչ ճիշդ օգտագործելու պարագային, ատոնք…

Աչքերու Չորութիւնը Կ՛ազդէ Կեանքի Որակին Վրայ

Չոր աչքի ախտանիշներով հիւանդները կեանքի աւելի ցած որակ կ՛ունենան՝ նման ախտանիշներ չունեցող հիւանդներու հետ բաղդատելով: Այս մասին գրուած է BMJ Open ամսագիրին մէջ հրապարակուած հետազօտութեան մէջ: Հետազօտութեան արդիւնքները ցոյց տուած են, որ այս հիւանդութեամբ տառապող մարդիկ գանգատած են չոր աչքերու՝ տեսողական գործունէութեան բացասական ազդեցութեան, ամէնօրեայ աշխատանք կատարելու անոնց ունակութեան եւ աշխատանքի կատարողականութեան վերաբերեալ: Չոր աչքի…

Փոքրիկներուն Սննդային Ուղեցոյցները Պէտք է Փոխուին. Գիտնականներ

Փոքրիկներու սննդային ուղեցոյցները պէտք է ներառեն աւելի գործնական խորհուրդներ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է անոնց սորվեցնել բանջարեղէն սիրել եւ ուտել, կ՛ըսեն Ֆլինտերսի համալսարանի Ապագայի համար հոգածութեան հիմնարկի սնունդի եւ սննդագէտի մարզի հետազօտողները: Աւստրալիոյ մէջ առողջութեան վիճակի ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ 2-17 տարեկան անձերու միայն 6%-ը կ՛ուտէ բանջարեղէնի յանձնարարուած քանակը: Փորձագէտներու կարծիքով՝ անհրաժեշտ են աւելի անհատականացուած,…

21-րդ Դարու Ամէնէն Տարածուած Խնդիրը՝«Յուզական այրում»-ը

Հաւանաբար շատեր լսած են «յուզական այրում»-ի (emotional burnout) եզրոյթը: Պարզուած է, որ այս խնդիրը կրնայ յառաջանալ իւրաքանչիւր անձի մօտ: «Յուզական այրում»-ը սովորաբար կը զարգանայ մասնագիտական գործունէութեան մէջ «քրոնիք» չյաղթահարուած «սթրես»-ի հետեւանքով, որ կրնայ ի յայտ գալ շարք մը պատճառներով՝ աշխատանքի լարուած «ռիթմ», արդիւնքներու նկատմամբ պահանջներու անորոշութիւն, աշխատանքի մէջ որոշումներ կայացնելու անկարելիութիւն, աշխատանքի «մոնօթօնութիւն», ընկերութեան արժէքներու…

Ո՞ր Ուտելիքէն Հրաժարիլ Բարձր Ճնշումի Պարագային

Մասնագէտները կը յանձնարարեն բարձր ճնշման պարագային հրաժարիլ սպիտակ ալիւրի օգտագործումէն: Նման խորհուրդ տուած են Մայոյի «քլինիք»-ի մասնագէտները: Սպիտակ ալիւրով պատրաստուած ուտելիքները այսօր յայտնի են, անոնց շարքին են՝ հաց, թխուածքաբլիթներ եւ այլն: Մասնագէտները կը յիշեցնեն, որ վերոնշեալ ուտելիքներուն մէջ շատ վնասակար են համային յաւելումները: Նման ուտելիքներու հանդէպ սէրը կը բարձրացնէ արեան մէջ շաքարի եւ «ինսուլին»-ի մակարդակը…

Դիմակը չի նուազեցներ Թթուածինի Մակարդակը Արեան Մէջ. Հետազօտութիւն

Մտավախութիւնները, որ դիմակ կրելը կը նուազեցնէ թթուածինի մակարդակը արեան մէջ, չափազանցուածութիւն է, ըսած են ամերիկացի հետազօտողները: Medportal.ru-ի փոխանցումով` Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը տակաւին նախորդ ամառ յայտարարած էր, որ դիմակներ կրելը թթուածինի պակասութիւն չ՛ստեղծեր եւ ածխաթթու կազէն թունաւորում չի յառաջացներ: Աւելի ուշ, Թոքերու առողջութեան ամերիկեան ընկերակցութիւնը (ALA) հաստատած էր այս տեղեկութիւնը` նշելով, որ ապացոյցներ չկան, որ դիմակը…

Բջիջային Սարքերու Յաճախակի Օգտագործումը Կրնայ Ազդել Փոքրիկներու Ուղեղին Վրայ. Հետազօտութիւն

Բջիջային սարքերու յաճախակի օգտագործումը կրնայ ազդել փոքրիկներու ուղեղին վրայ: Այս մասին ըսուած է Պուտաբեշթի համալսարանէն խումբ մը հետազօտողներու ուսումնասիրութեան մէջ: Սովորաբար, մարդ առաջին անգամ ուշադրութիւն կը դարձնէ ամբողջական պատկերին, որմէ ետք կը սկսի նայիլ մանրամասնութիւններուն: Սակայն, փոքրիկներու պարագային աշխարհընկալումը տարբեր է: Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ թուային սարքերու օգտագործումը կ՛ազդէ փոքրիկներու մտային եւ ընկերային-զգացական զարգացման…

Քորոնա Ժահրի Դէմ Պատուաստները Կը Նուազեցնեն Հիւանդանոց Մուտքի Կարիքը. Մասնագէտներ

Քորոնա ժահրի դէմ պատուաստները զգալիօրէն կը նուազեցնեն հիւանդանոց մուտքի կարիքը COVID-19-ի պատճառով: Օրինակ, BioNTech/Pfizer պատուաստը կը նուազեցնէ այդ կարիքը 85 առ հարիւրով, իսկ AstraZeneca-ն` 94 առ հարիւրով, յայտնած են սկովտացի մասնագէտներ: Dw.com-ի համաձայն, սկովտացի հետազօտողները պարզած են, որ գերմանական BioNTech-ի եւ ամերիկեան Pfizer-ի կողմէ միատեղ պատրաստուած պատուաստի առաջին դեղաբաժինը 85 առ հարիւրով կը նուազեցնէ հիւանդանոց…