«Քորոնա» Ժահրի Ոչ Բնորոշ Առանձնայատկութիւններ

Անգլիոյ Արեւելեան համալսարանի գիտնականները վերլուծած են COVID-19-ի ընթացքը տարեց մարդոց մօտ եւ եկած են այն եզրակացութեան, որ անոնց մեծամասնութեան մօտ յայտնաբերուած են հիւանդութեան ոչ տիպական ախտանշաններ: Համապատասխան հետազօտութիւնը հրապարակուած է medRxiv համացանցային կայքին մէջ: Դիտարկումները կատարուած են ծերանոցներու հիւանդներու ծիրին մէջ, Ապրիլի 7-էն մինչեւ Յունիս 29 ժամանակաշրջանին մէջ: Պարզուած է, որ այն 103 մարդոցմէ, որոնց…