Կանուխ Մահացութիւններու Թիւը Կ՛աճի 28%-ով 29 Տարուան Ընթացքին

Ուսումնասիրութիւնը, որ կատարած է կենսաբաններու եւ բժիշկներու միջազգային խումբը տարբեր երկիրներէ, այդ շարքին՝ Չինաստանէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Շուէտէն եւ Յունաստանէն, ցոյց տուած է, որ քաղցկեղը աւելի ու աւելի տարածուած է ամբողջ աշխարհի երիտասարդներու շրջանակին մէջ: Նախապէս կ՛ենթադրուէր, որ քաղցկեղը բնորոշ է 50 տարեկանէն վեր եղող մարդոց, սակայն այս հետազօտութիւնը հերքած է այս կարծրատիպը,…

Յիշողութեան եւ Ախորժակի Միջեւ Կապ Կը Յայտնաբերեն Գիտնականները

Ուղեղի յիշողութիւնը եւ ախորժակը կարգաւորող շղթաներուն միջեւ կապերու խախտումը կ՛ազդէ մարմնի զանգուածի ինտեքսին վրայ, յատկապէս չափէն աւելի ուտող մարդոց պարագային։ Այսպիսի եզրակացութեան յանգած են Փենսիլվանիայի համալսարանի գիտնականները։ Անոնց աշխատանքը հրապարակուած է Nature ամսագրին մէջ։ Աշխատանքի ընթացքին, հեղինակները ուսումնասիրած են այն մարդոց «մակնեթիք ռեզոնընս» շերտագրութիւնը, որոնց աւելի կանուխ «սքէնինկ» ըրած էին «էփիլեփսիի մոնիթըրինկ»ի բաժանմունքին մէջ։ Հիւանդներուն…

Միսը՝ Քաղցկեղ Յառաջացնող Սնունդի Գործօններէն Մէկը

Շարք մը գիտական հետազօտութիւններու մէջ հաստատուած է, որ քաղցկեղի զարգացման համար կան քանի մը վտանգաւոր գործօններ: Այդ գործօններէն մէկը կապուած է կենդանական ճարպերու շատ օգտագործումի հետ: Նոյնիսկ եթէ մարդ կը խուսափի տապկուած ուտելիքներէն, բայց պարբերաբար կ՛օգտագործէ իւղոտ եւ ապխտած միս, ուռուցքի զարգացման վտանգը կը բարձրանայ, ըսած է վիրաբոյժ, բժշկական գիտութիւններու թեկնածու Մարք Հաճիյան։ Բժիշկը կոչ…

Հրուշակեղէնը, Կարագն ու Շաքարը Կը Բարձրացնեն «Տիփրեշըն»ի եւ Տագնապի Հաւանականութիւնը

Չինաստանի Հանչժու քաղաքի մանկավարժական համալսարանի գիտնականները բացայայտած են, որ անհատի մը սննդականոնը կ՛ազդէ «տիփրեշըն»ի եւ տագնապի ախտանիշներուն վրայ։ Հետազօտութեան արդիւնքները ներկայացուած են BMC Medicine ամսագրին կողմէ հրապարակուած յօդուածին մէջ: Այսպիսով, հրուշակեղէնի, կարագի, շաքարի եւ կաթնամթերքի վրայ հիմնուած աղանդերի բարձր օգտագործումը, ինչպէս նաեւ պտուղներու եւ բանջարեղէնի սպառման ցած մակարդակը կապուած են հոգեկան հիւանդութեան ախտանիշներու բարձրացման հետ:…

Ճաշ Պատրաստելը, Տուն Մաքրելը, Լուացք Ընելը Կը Կանխեն Քաղցկեղը

Սիտնիի համալսարանի գիտնականները բացայայտած են, որ օրական միայն 4-5 վայրկեան եռանդուն, ընդհատուող ֆիզիքական «աքթիվ»ութիւնը կրնայ 32 առ հարիւրով նուազեցնել քաղցկեղի որոշ տեսակներու վտանգը: Նման «աքթիվ»ութիւն համարժէք է տնային տարբեր պարտականութիւններու կատարման, ինչպէս՝ տուն մաքրելը, ճաշ պատրաստելը, հագուստ եւ սպասք լուալը, կը գրէ JAMA Oncology ամսագիրը: Ըստ գիտնականներուն՝ ընդհատուող ֆիզիքական «աքթիվ»ութիւնը կը նմանի բարձր «ինթենսիթի ինթըրվըլ»…

Սպիտակուցներ՝ Սրտի Եւ Երիկամներու Հիւանդութիւններու Վտանգը Բարձրացնող

Գիտնականներու միջազգային խումբը, շաքարախտով հիւանդներու արեան մէջ, յայտնաբերած է չորս սպիտակուցային «պայոմարքըր», որոնք կապուած են հիւանդներու կեանքի յաջորդ ամիսներու եւ տարիներու ընթացքին, երիկամներու եւ սրտի ծանր հիւանդութիւններու 3,8-6 անգամ աւելի բարձր հաւանականութեան հետ: Գիտնականներու եզրակացութիւնները հրապարակուած են Circulation ամսագրին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ: «2-րդ տիպի շաքարախտ ունեցողներու առողջութեան վերաբերեալ մեր դիտարկումները ցոյց տուած են, որ…

Գիտնականները Կ՛ուսումնասիրեն Covid-19-ի «Pirola» Տեսակը

Նոր զօրաւոր «միւթընթ» ժահրի տեսակը, որ կը յառաջացնէ Covid-19, աշխարհի երկիրներուն կը ստիպէ զգուշանալ, որովհետեւ գիտնականները կը փորձեն հասկնալ, թէ որքա՞ն անիկա տարածուած է եւ որքանո՞վ կրնայ մեր դիմադրողականութիւնը պաշտպանել մեզ ժահրէն, տեղեկացուցած է CNN-ը։ Նոր տեսակը BA.2.86, որ ընկերային ցանցերուն մէջ կը կոչուի «Pirola», ունի աւելի քան 30 ամինաթթուային փոփոխութիւններ իր «սփայք-սպիտակուց»ին մէջ՝ մերձաւոր…

EG.5 Տեսակի Կայուն Աճ Կը Նկատուի Ամբողջ Աշխարհի Մէջ

Համաշխարհային մաշտապով նոր EG.5 շտամի կայուն աճ արձանագրուած է: 2023ի Յուլիս 17-էն 23 EG.5-ի համաշխարհային տարածուածութիւնը հասած է 17,4 առ հարիւրի: Այս նկատելի աճ է 2023ի Յունիս 19-25-ի տուեալներուն հետ բաղդատելով, երբ համաշխարհային տարածուածութիւնը հասած էր 7,6 առ հարիւրի յայտնած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը։ Զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ առկայ տուեալներուն հիման վրայ, EG.5-ի ստեղծած  …

Մասնագէտները Կը Ստուգեն «Տիփրէշըն»ի Եւ Տագնապի Ժամանակ Քաղցկեղի Վտանգի Բարձրացման Հաւաստիութիւնը

Նախապէս կը կարծուէր, որ «տիփրէշըն»ը եւ տագնապայնութիւնը կը բարձրացնեն քաղցկեղի յառաջացման հաւանականութիւնը։ Շատ հետազօտութիւններու (կատարուած Հոլանտայի, Մեծն Բրրիտանիոյ, Նորվեկիայի եւ Գանատայի մէջ) արդիւնքներու ուսումնասիրութեան ժամանակ գիտնականները եկած են այն եզրակացութեան, որ «տիփրէշըն»ը եւ տագնապայնութիւնը կապուած չեն բնակչութեան այդ շրջանի քաղցկեղի տեսակներու յառաջացման բարձր վտանգի հետ։ Ուսումնասիրութեան արդիւնքները հրապարակուած են Cancer Online պարբերականին մէջ՝ Ամերիկեան օնքոլոճիքըլ…

Մկանները Տարիքի Յառաջացումով Չեն Վերականգնուիր

Գիտնականները պարզած են, թէ ինչո՞ւ մկանները չեն վերականգնուիր եւ տարիքի հետ կը քայքայուին, ինչ որ տարեց մարդոց կարելիութիւն կը ստեղծէր աւելի երկար պահպանել ֆիզիքական ուժը: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Journal of Tissue Engineering and Regenerative Medicine ամսագրին մէջ: Նոթինկհեմի Թրենթ համալսարանի գիտնականները վերլուծած են մկանային բջիջներուն մէջ յայտնաբերուած «ճին»երը՝ պարզելու համար, թէ ինչպէ՞ս ատոնց բնութագիրերը…