Գիտնականները «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարին Նոր Բուժում Մը Կը Փորձարկեն

Չինացի եւ գանատացի մասնագէտներու խումբ մը, դեղամիջոց մը փորձարկած է հեփաթիթ B-ի եւ C-ի, ինչպէս նաեւ արեան եւ մաշկի քաղցկեղի բուժման համար: Խօսքը ալֆա-2 պաշտպանական սպիտակուցի «ինթըրֆերոն սինթեթիք» տարբերակի մասին է: Այդ մէկը դիմադրողականութեան համակարգի ազդանշանային սպիտակուցներէն մէկն է, որ մարմինը կ՛արտադրէ յարուցիչներու հետ հանդիպումի ժամանակ: Պաշտպանական սպիտակուցները կը խանգարեն ժահրերը եւ չեն ձգեր, որ անոնք բազմանան վարակուած բջիջներու…

Գիտնականները Արեան Քննութեամբ Մը Կը Կանխատեսեն Մարդու Մահուան Տարին

Գերմանիայէն գիտնականներ կը մշակեն արեան քննութիւն մը, որ 83 առ հարիւր ճշգրտութեամբ կը կանխատեսէ  յառաջիկայ տարիներուն մարդու մահուան կարելիութիւնը: Հետազօտութեան ծիրին մէջ, գիտնականները արեան մէջ 14 «պայոմարքըրներ» յայտնաբերած են, որոնք ըստ էութեան կ՛ազդեն մահուան վտանգին վրայ: Անոնք հիմնականին մէջ կապուած են դիմադրողականութեան համակարգի, շաքարի մակարդակի վերահսկումի, բորբոքային ընթացքի զարգացման հետ եւ այլն: Կամաւորներու մասնակցութեամբ, փորձերը…

Մարդուն Դէմքի Մաշկին Արատը Կը Վերածուի 40-քիլոկրամնոց Ուռուցքի

Ինտոնեզիոյ Մետան քաղաքին մէջ ապրող 34 տարեկան Անտրիատի Պութրան ծնած է դէմքին վրայ փոքր արատով մը: Տարիներ անց, այդ արատը վերածուած է դէմքէն կախուած հսկայ 40-քիլոկրամնոց ուռուցքի: Փոքր հասակին, Անտրիատիի ծնողները դիմած են տեղի բժիշկներուն, սակայն վերջիններս ըսած են, որ անհանգստանալու պէտք չկայ: Բայց, ժամանակի ընթացքին, հետքը մեծցած է: Երբ Անտրիատին 11 տարեկան էր, անոր…

Ֆրանսայի Մէջ Փոքրիկներու Մօտ Վտանգաւոր Ախտանիշի Յայտնաբերում որ Կրնայ Կապուած Ըլլալ «Քորոնա» Ժահրին Հետ

Ֆրանսայի մէջ 15 փոքրիկներու մօտ վտանգաւոր ախտանիշ յայտնաբերուած է, որ կրնայ կապուած ըլլալ «քորոնա» ժահրին հետ: Ֆրանսայի առողջապահութեան նախարար Օլիվիէ Վերանի խօսքով՝ ան Փարիզի բժիշկներէն տեղեկութիւն ստացած է այն մասին, որ Ֆրանսայի մէջ մօտաւորապէս 15 փոքրիկ բարձր տաքութիւն ունի, մարսողական համակարգի հետ կապուած խնդիրներու եւ անօթներու բորբոքում, ինչ որ կրնայ սրտային անբաւարարութեան յանգեցնել: Սակայն նախարարին…

Համաշխարհային Ջերմացումը Կրնա՞յ Յանգեցնել Նոր Ախտածիններու Յայտնուելուն

Կլիմայական իրավիճակի վատթարացումը եւ համաշխարհային ջերմացումը կրնան յանգեցնել նախապէս անյայտ ժահրերու յառաջացման: Այսպիսի տեսակէտ յայտնած է «կենսաէքոլոկ» Լիտիա Պելիաեւան: «Մասնագէտը նշած է, որ ամբողջ աշխարհի մէջ օդի միջին ջերմաստիճանի բարձրացումը կը յանգեցնէ սառցադաշտերու հալելուն, որոնց հետ միասին կրնան հալիլ ժահրերը եւ «մայքրօրկանիզմներու սփոր»-ները, որոնք յառաջացած են շատ տարիներ առաջ: Եւ յայտնի չէ՝ մարդկային օրկանիզմը արդեօք…

«Քորոնա» Ժահրին Դէմ «Ռեմտեսիվիր»-ի Արդիւնաւէտութեան Փաստ Չկայ

«Քորոնա» ժահրին դէմ «ռեմտեսիվիր»-ի արդիւնաւէտութեան փաստ չկայ: Այս մասին յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը՝ առողջապահութեան մարզին մէջ արտակարգ իրավիճակներու ծրագիրներու տնօրէն Մայքըլ Ռայան: Աւելի կանուխ, «ռեմտեսիվիր»-ի փորձարկումները ցոյց տուած են, որ անիկա կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ «քորոնա» ժահրի բուժման պարագային: Այդ դեղամիջոցը, նախնական տուեալներով, կը նուազեցնէ ախտանիշներու յայտնաբերումի տեւողութիւնը 15 օրէն մինչեւ 11: Սկզբունքով, այդ հակաժահրային…

5G Ցանցերը Արդեօք կրնա՞ն Նպաստել «Քորոնա» Ժահրի Տարածումին

Բաւական դիւրին է համոզուիլ՝ 5G-ի եւ «քորոնա» ժահրի միջեւ կապի բացակայութեան, կը պնդէ Ռուսիոյ Գիտութիւններու Ակադեմիոյ Տեղեկութիւններու փոխանցման խնդիրներու հիմնարկի անլար ցանցերու «լապորաթուարի»-ի ղեկավար Եւկենի Խորով: Անոր խօսքով՝ ատոր համար ընդամէնը անհրաժեշտ է տրամաբանօրէն մտածել եւ յիշել «ֆիզիքս»-ի դպրոցական դասընթացքէն որոշ բաներ: «Չկան այն բանի գիտական ապացոյցները, որ բջիջային կապի ելեկտրոնային սարքաւորումը կրնայ մարդոց առողջութեան…

«Քորոնա» Ժահրի Բուժումը Կրնայ Վտանգաւոր Ըլլալ Սիրտի Հիւանդութիւն Ունեցողներուն Համար

Որոշ հակաժահրային դեղամիջոցներ, որոնք այսօր կ՛օգտագործուին քորոնաժահրային բորբոքումի բուժման ծիրին մէջ, կրնան բացասաբար ազդել սիրտի եւ լեարդի վրայ: Այս մասին զգուշացուցած է Ռուսիոյ առողջապահութեան նախարարութեան Սրտաբանութեան ազգային բժշկական հետազօտական կեդրոնի գլխաւոր տնօրէնի առաջին տեղակալ Ֆիլիփ Փալէեւ: Մասնագէտը նշած է, որ կարելի չէ առանց բժիշկի նշանակումին, առանձին որոշումով, առնել հակաժահրային դեղամիջոցներ: Մասնագէտին խօսքով՝ չկան հաւաստի տեղեկութիւններ…

Քորոնա Ժահրը Կը Վնասէ Նաեւ Մարդու Արիւնը. Գիտնականները

Ծանր ընթացող COVID-19 վարակը կրնայ վնասել մարդու արիւնը` յարձակելով արեան կարմիր բջիջներուն վրայ: Այս մասին նախազգուշացուցած են Վերոնայի համալսարանի գիտնականները: Անոնց նոր ուսումնասիրութիւնը հրապարակուած է Hematology, Transfusion and Cell Therapy ամսագիրին մէջ: Գիտնականներու նոր տուեալներուն համաձայն` թոքերու արուեստական օդափոխութեան սարքերը կրնան անօգուտ ըլլալ քորոնա ժահրի պարագային թոքաբորբոքումի բուժման համար, որովհետեւ նման հիւանդներու մօտ «հիմոկլոպին»-ի մակարդակը…

Քորոնան Կը Նկատուի Ամէնէն Լուրջ հիւանդութիւնը Վերջին 100 Տարուան Մէջ

Քորոնա ժահրը մարդկութեան պատմութեան մէջ ամէնէն լուրջ հիւանդութիւններէն մէկն է. մարդկութիւնը վերջին 100 տարուան մէջ չի յիշեր աւելի վտանգաւոր հիւանդութիւն մը՝ քան քորոնան: Նիւ Եորքէն բժիշկ Մարլէն Քափլան ըսած է. «Այս մէկը, հաւանաբար, «Սպանիոյ» ժամանակներէն ամէնէն լուրջ հիւանդութիւնն է»: Անոր կարծիքով՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, համավարակի բարձրակէտը կա՛մ նոր սկսած է, կա՛մ նոր սկսելու վրայ…