Նորածիններու համար վտանգաւոր է ինքնաշարժերուն մէջ տեղադրուող մանկական նստատեղերու՝ այսպէս կոչուած «քարսիթերու» մէջ 30 վայրկեանէն աւելի նստած մնալը: Նման եզրակացութեան յանգած են բրիտանացի ընկերաբանները, որոնք հետազօտութիւն կատարած են Churchill Car Insurance-ի պատուէրով:
Եթէ նորածինը քնացած դիրքով երկար կը մնայ մանկական նստատեղի մէջ, ապա անոր մօտ կրնան շնչառական խնդիրներ յառաջանալ: Սակայն, վիճակագրութիւնը ցոյց տուած է, որ ծնողներու 75%-ը չի գիտեր այս մասին: Ծնողները չեն գիտեր նաեւ, որ ինքնաշարժով երկարատեւ ճամբորդութեան ժամանակ, պէտք է ամէն երկու ժամը անգամ մը կանգ առնել եւ դուրս գալ ինքնաշարժէն առնուազն 15 վայրկեանով: Իսկ եթէ մանուկ է, «քարսիթի» մէջ անոր մարմինի դիրքը պէտք է փոխել որքան կարելի է յաճախ:
Վիճակագրութեան հեղինակները կը նշեն, որ փոքրիկներուն բնախօսութեան հարցերուն անտեղեակ են հիմնականին մէջ 35 տարեկանէն վեր եղող ծնողները: Երիտասարդները աւելի լաւ տեղեակ են, ինչ որ կը բացատրուի անով, որ այսօր համացանցը փոքրիկներու առողջութեան մասին տեղեկանալու համար, լայն կարելիութիւն կ՛ընձեռէ երիտասարդութեան:
Փորձագէտները խորհուրդ կու տան, որ մանուկի կեանքի առաջին շաբաթներուն, ծնողները ինքնաշարժով 30 վայրկեանէ աւելի տեւող ճամբորդութիւն չկատարեն: Իսկ եթէ կարելի չէ խուսափիլ նման ճամբորդութենէ, ապա ետեւի նստարանին պէտք է մեծահասակ մը նստի, որպէսզի հետեւի մանուկին եւ պարբերաբար փոխէ անոր մարմինի դիրքը: Այդ մէկը կ՛օգնէ խուսափելու խնդիրներէ եւ ճամբորդութիւնը առաւելագոյնս անվտանգ կը դարձնէ: