Յետ Քովիտային Համախտանիշի Զարգացման Գործօններ

Քորոնա Ժահրային վարակէն ետք բաւական մեծ թիւով հիւանդներ կը հանդիպին, այսպէս կոչուած, յետ քովիտային համախտանիշին, որ կ՛արտայայտուի տկարութեամբ, գլխացաւերով եւ այլ անախորժ ախտանշաններով։ Ուաշինկթընի համալսարանի եւ Սիեթլի Շուէտական բժշկական կեդրոնի գիտնականները հետազօտութիւն մը կատարած են, որուն մասնակցած է 18-էն 89 տարեկան 209 հիւանդ։ Անոնք բոլորը COVID-19ով վարակուած են՝ տարբեր աստիճանի ծանրութեամբ։ Գիտնականները անոնց վիճակին հետեւած…

Օմիքրոնով Վարակուածներու 60 %ը Արդէն Վարակուած Եղած Է COVID-19-ով

«Օմիքրոն»ը գրեթէ ամբողջութեամբ դուրս մղած է «Տելթա»ն եւ դարձած՝ գերակշռող տարբերակը Անգլիոյ մէջ: Այս մասին կը վկայեն Լոնտոնի Կայսերական քոլէճի մասնագէտներու հրապարակած տուեալները։ Հիւանդութեան մասին Յունուար 5-20-ի տուեալները ստացուած են շարունակուող REACT-1 ազգային հետազօտութեան ընթացքին, ուր կը գնահատուին հիւանդութեան մակարդակը Անգլիոյ բնակչութեան ծիրին մէջ եւ անոր վրայ ազդող գործօնները։ Այդ ընթացքին մասնագէտները կատարած են աւելի…

Քորոնա Ժահրի Օմիքրոնի Նոր Տարբերակը

Յունուար 21-ին Մեծն Բրիտանիոյ առողջապահութեան գործակալութիւնը (UKHSA) արձանագրած է Օմիքրոնի նոր տեսակ մը՝ BA.2: Հարվըրտի համալսարանի Պոսթընի մանկական հիւանդանոցի մասնագէտ Ճոն Պրաունշթայնի խօսքով՝ քորոնա ժահրի սովորական քննութիւնները դրական կամ բացասական արդիւնք կու տան, բայց չեն որոշեր ժահրին տեսակը։ Անոր խօսքով՝ Օմիքրոնը ունի «ճենեթիք» յատկութիւն, որ կը դիւրացնէ ախտորոշումը։ Այնուամենայնիւ, նոր BA.2 տարբերակը չունի այս յատկանիշը…

Հաւաքական Դիմադրողականութիւնը Անզօր՝ Օմիքրոն Տարբերակին Դէմ

Հաւաքական դիմադրողականութիւնը (օրկանիզմի անընկալութիւնը վարակիչ հիւանդութիւններու նկատմամբ) կրնայ անկարող ըլլալ քորոնա ժահրի «օմիքրոն» տարբերակին դէմ։ Այսպիսի կարծիք յայտնած է գիտաշխատող, «մոլեքիւլըր» կենսաբան, վիրուսաբան Մաքսիմ Սքուլաչով: Նոր տարբերակի դէմ հաւաքական դիմադրողականութեան անկարողութեան մասին կը վկայէ այն երկիրներու փորձառութիւնը, ուր «օմիքրոն»ը արդէն իսկ աճ արձանագրած է, գրած է URA.RU-ն: Մասնագէտին խօսքով, հաւաքական դիմադրողականութեան խնդիրը մարդոց՝ վարակուելէն պաշտպանելն…

Եօթը Կրամ Ձիթապտուղի Ձէթը Կը Նուազեցնէ Մահուան Վտանգը

Օրական միայն 7 կրամ (կէս ճաշի դգալ) ձիթապտուղի ձէթը կը նուազեցնէ սրտանօթային, «նիւրոտիճեներաթիվ» եւ շնչառական հիւանդութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղցկեղէն մահացութեան վտանգը։ Այս եզրակացութեան յանգած են ամերիկացի գիտնականները։ Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ բուսական իւղերով չյագեցած մարկարինը եւ կարագը, օրինակ, ձիթապտուղով փոխարինելը զգալիօրէն կը բարելաւէ առողջութեան ցուցանիշները։ Գիտնականները յայտնած են, որ օրական 10 կրամ այլ ճարպեր,…

Օմիքրոն Տարբերակը Վտանգաւո՞ր Փոքրիկներու Համար

Քորոնա ժահրի «օմիքրոն» տարբերակը կրնայ աւելի վտանգաւոր ըլլալ փոքրիկներուն համար՝ շնչուղիներու առանձնայատկութիւններուն պատճառով։ Նման կարծիք  յայտնած է Նիւ Տելհիի բժշկական հիմնարկի բժիշկ Անիմեշ Արիան։ «Փոքրիկներու շնչուղիները աւելի փոքր են, քան մեծերու շնչուղիները, եւ այս նոր տարբերակը կ՛ազդէ հիմնականին մէջ վարակուած հիւանդներու վերին շնչուղիներուն վրայ»,- ըսած է մասնագէտը։ IANS-ի համաձայն՝ վարակի ախտանիշներն են կոկորդի ցաւը, թեթեւ…

Կարգ Մը Ընկերութիւններ Շահ Կ՛ապահովեն Քորոնա Ժահրին Շնորհիւ

Քորոնա ժահրային համավարակի պատճառով «լոքտաուն»ները մեծ ազդեցութիւն ունեցան «պիզնես»ներու վրայ ամբողջ աշխարհի մէջ: Այնուամենայնիւ, ոչ բոլոր ոլորտները տուժեցին: Այնպիսի ոլոտներ, ինչպէս՝ զբօսաշրջութիւնը եւ օդագնացութիւնը, անկասկած, մեծապէս վնասուեցան համավարակի պատճառով, սակայն կային նաեւ այնպիսի ոլորտներ, որոնք բաւական ծաղկեցան, ինչպէս՝ առցանց առեւտուրը եւ սնունդի առաքումը: Քորոնա ժահրէն «շահեցան» այնպիսի ընկերութիւններ, ինչպէս՝ Amazon-ը, Apple-ը, Google-ը, Facebook-ը եւ Microsoft-ը:…

Ինչպէ՞ս Խուսափիլ Գինովութենէ Տօնական Օրերուն

Նոյնիսկ ամանորի տօներուն պէտք չէ չափազանցել ալքոլային խմիչքներ խմելը։ Իսկ գինովնալէ խուսափելու համար, սննդագէտ Իննա Քոնոնենքոն կը յանձնարարէ հետեւիլ քանի մը պարզ կանոններու: Մասնագէտին խօսքով՝ ալքոլային խմիչքներ օգտագործելէն առաջ պէտք է ուտել: Անօթի եղած ժամանակ խմելը շատ վատ գաղափար է։ «Ճարպերով, ածխաջուրերով եւ սպիտակուցներով հարուստ ուտելիքը կը նուազեցնէ իւրացումը, եթէ կ՛օգտագործուի ալքոլէն առաջ կամ խմելու ընթացքին»,-…

Պիստակը Oգտակար՝ Սրտանօթային Համակարգի Աշխատանքին

Պիստակը բարձր քալորի ունի, կը պարունակէ շատ ճարպեր։ Սակայն, չնայած ատոր, պէտք է ներառել սննդականոնին մէջ՝ նիւթափոխանակութիւնը արագացնելու համար, ըսած է սննդաբան Թաթիանա Ռազումովսքայա: Պիստակի օգտագործումը կը բարելաւէ սրտանօթային համակարգի աշխատանքը եւ կ՛արագացնէ նիւթափոխանակութիւնը։ Սննդաբանին խօսքով՝ պիստակին հիմնական սննդանիւթերէն մէկը B7-ն է կամ «պայոտին»ը, որ կ՛օգնէ իւրացնելու սպիտակուցը եւ այրելու ճարպերը։ «Եթէ «պայոտին»ը բաւարար չէ,…

Միջերկրականեան Սննդականոնը՝ COVID-19-ի Դէմ

Միջերկրականեան սննդականոնը կրնայ նուազեցնել ծանր COVID-19-ի զարգացման վտանգը։ Այս մէկը պարզած են Magna Græcia համալսարանի իտալացի գիտնականները։ Անոնց հետազօտութեան մասին կը հաղորդէ Medicina ամսագրին մէջ հրապարակուած յօդուածը: Հետազօտութեան հեղինակները ուսումնասիրած են միջերկրածովեան սննդականոնի հնարաւոր ազդեցութիւնը քորոնա ժահրային վարակի զարգացման վտանգի վրայ։ Յայտնի է, որ Իտալիոյ, Սպանիոյ, Յունաստանի եւ այլ երկիրներու բնակիչներու կողմէ աւանդաբար օգտագործուող ուտելիքները…