Օմիքրոն Տարբերակը Վտանգաւո՞ր Փոքրիկներու Համար

Քորոնա ժահրի «օմիքրոն» տարբերակը կրնայ աւելի վտանգաւոր ըլլալ փոքրիկներուն համար՝ շնչուղիներու առանձնայատկութիւններուն պատճառով։ Նման կարծիք  յայտնած է Նիւ Տելհիի բժշկական հիմնարկի բժիշկ Անիմեշ Արիան։ «Փոքրիկներու շնչուղիները աւելի փոքր են, քան մեծերու շնչուղիները, եւ այս նոր տարբերակը կ՛ազդէ հիմնականին մէջ վարակուած հիւանդներու վերին շնչուղիներուն վրայ»,- ըսած է մասնագէտը։ IANS-ի համաձայն՝ վարակի ախտանիշներն են կոկորդի ցաւը, թեթեւ…

Կարգ Մը Ընկերութիւններ Շահ Կ՛ապահովեն Քորոնա Ժահրին Շնորհիւ

Քորոնա ժահրային համավարակի պատճառով «լոքտաուն»ները մեծ ազդեցութիւն ունեցան «պիզնես»ներու վրայ ամբողջ աշխարհի մէջ: Այնուամենայնիւ, ոչ բոլոր ոլորտները տուժեցին: Այնպիսի ոլոտներ, ինչպէս՝ զբօսաշրջութիւնը եւ օդագնացութիւնը, անկասկած, մեծապէս վնասուեցան համավարակի պատճառով, սակայն կային նաեւ այնպիսի ոլորտներ, որոնք բաւական ծաղկեցան, ինչպէս՝ առցանց առեւտուրը եւ սնունդի առաքումը: Քորոնա ժահրէն «շահեցան» այնպիսի ընկերութիւններ, ինչպէս՝ Amazon-ը, Apple-ը, Google-ը, Facebook-ը եւ Microsoft-ը:…