Հաւաքական Դիմադրողականութիւնը Անզօր՝ Օմիքրոն Տարբերակին Դէմ
Հաւաքական դիմադրողականութիւնը (օրկանիզմի անընկալութիւնը վարակիչ հիւանդութիւններու նկատմամբ) կրնայ անկարող ըլլալ քորոնա ժահրի «օմիքրոն» տարբերակին դէմ։ Այսպիսի կարծիք յայտնած է գիտաշխատող, «մոլեքիւլըր» կենսաբան, վիրուսաբան Մաքսիմ Սքուլաչով: Նոր տարբերակի դէմ հաւաքական դիմադրողականութեան անկարողութեան մասին կը վկայէ այն երկիրներու փորձառութիւնը, ուր «օմիքրոն»ը արդէն իսկ աճ արձանագրած է, գրած է URA.RU-ն: Մասնագէտին խօսքով, հաւաքական դիմադրողականութեան խնդիրը մարդոց՝ վարակուելէն պաշտպանելն…