Քորոնաժահրային Համավարակը Կրնայ Յանգեցնել Մահացու Սունկերու Տարածման

Քորոնաժահրային համավարակը կրնայ հասցնել հակապայոթիքներու նկատմամբ կայուն «պաքթիրիա»-ներու թիւի կտրուկ աճի, ինչպէս նաեւ՝ հիւանդանոցներու մէջ Candida auris սունկով հիւանդներու զանգուածային վարակման ալիքի: Դէպքերու մեծ մասի պարագային, այս սունկը հիւանդներու մահուան կը յանգեցնէ վերակենդանացման բաժանմունքներու մէջ, ինչ որ վտանգը առաւել մեծ է շնչառութեան եւ կերակրելու խողովակներով, ինչպէս նաեւ՝ տարբեր «քաթետեր»-ներով հիւանդներու համար: Իրավիճակը կը բարդանայ այն…

«Ճինճըր»-ը Ամէնէն Առողջարար Ըմպելիքներէն Մէկը. Մասնագէտներ

«Ճինճըր»-ի թէյը շարք մը բուժիչ յատկութիւններ ունի, այդ շարքին` «քոլեսթերոլ»-ի մակարդակի եւ քաղցկեղի յառաջացման հաւանականութեան նուազեցումը: «Ճինճըր»-ը կրնայ նաեւ նուազեցնել յօդացաւերը: Այս մասին գրած է Express-ը` վկայակոչելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Բժշկական ազգային գրադարանը: Բազմաթիւ հետազօտութիւններու արդիւնքներու համաձայն` «Ճինճըր»-ը հակաքաղցկեղային յատկութիւններ ունի իր արմատներուն մէջ գտնուող «ճինճըրոլ» նիւթին շնորհիւ: Գիտնականները պարզած են, որ «Ճինճըր»-ը երկու անգամ…

Կնոջ Դէմքին Վրայ Մազի Աճ՝ 37 Տարի Ծխելէն ԵՏՔ

«The New England Journal of Medicine» բժշկական ամսագիրը հրապարակած է դէպք մը, ուր նկարագրուած է, որ Աւստրալիոյ Մելպուռն քաղաքէն 51 տարեկան կնոջ մը դէմքը ծածկուած է մազով: Հիւանդը մաշկաբանին դիմած է, երբ անոր դէմքը, վիզը եւ մարմինի վերին մասը ծածկուած են բարակ մազով, որ կը կոչուի «լանուկօ»: Անոր նաեւ անհանգստացուցած են յոգնածութիւնը, հազը եւ կշիռքի…

Վտանգաւո՞ր Են Արդեօք Թէյի Տոպրակները Առողջութեան համար

Տոպրակով թէյի վտանգի մասին մասնագէտները առաջին անգամ խօսած են, երբ յայտնի դարձած է «փլասթիք»-ի բացասական ազդեցութիւնը առողջութեան վրայ: Այժմ, կարելի է «փլասթիք» յայտնաբերել տոպրակներու մեծ մասին մէջ: 2019-ին, Environmental Science & Technology-ին մէջ հրապարակուած հետազօտութեան մէջ նշուած է, թէ տոպրակները, որոնց արտադրութեան մէջ կ՛օգտագործուի սննդայի «փլասթիք», տաք ջուրի մէջ կ՛արտադրեն «մայքրոփլասթիք»-ի միլիառաւոր մասնիկներ: Սելսիուսի համաձայն՝ 95 աստիճան տաքութեան…

Մարսողութեան Բարելաւման Համար 5 Ուտելիք

Մարսողական խնդիրներէն շատեր կը գանգատին տօնական օրերէն ետք: Ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք քանի մը ուտելիքներ, որ կ՛օգնեն բարելաւելու մարսողութիւնը, եթէ, անշուշտ, այդ ուտելիքները կամ որեւէ այլ ուտելիք չի չարաշահէք: Թարմ պտուղներ Պտուղները կը պարունակեն չլուծուող բջիջանիւթ, որ կղանքին մէջ ծաւալ կը ստեղծէ, եւ որու շնորհիւ աղիքներու մկանները լաւ ձեւով կը հեռացնեն կղանքը: Ուստի կարծիք կայ, որ…

Սիրտի Առողջութիւնը Ստուգելու Պարզ Միջոց. Մասնագէտներ

Եթէ դուք կարենաք աստիճաններով չորս յարկ բարձրանալ, մօտաւորապէս մէկ վայրկեանի մէջ, այդ մէկը կը վկայէ ձեր սիրտի բնական վիճակի մասին: Այս մասին ըսուած է նոր հետազօտութեան մը մէջ, որ ներկայացուած է «Եւրոպական սրտաբանական համայնքի համաժողով»-ի ժամանակ: Medportal յայտնած է, որ հետազօտութեան հեղինակները փափաքած են գտնել սիրտի առողջութիւնը գնահատելու արագ եւ մատչելի միջոց մը, որ կ՛օգնէ բժիշկներուն…

«Կանաչ» Միջերկրածովեան Սննդականոնը Ինչո՞ւ Օգտակար Է Առողջութեան Համար

Այսպէս կոչուած «կանաչ» միջերկրածովեան սննդականոնը աւելի օգտակար է սիրտի եւ անօթներու առողջութեան համար, քան սովորական միջերկրածովեան սննդականոնը, ըսուած է Heart պարբերականին մէջ հրապարակուած հետազօտութեան արդիւնքներուն մէջ: Կանաչ միջերկրածովեան սննդականոնը կանոն մըն է, որ կը ներառէ մեծ քանակութեամբ բուսական ծագումով ուտելիք (բանջարեղէն, պտուղ, ընդեղէն, բակլաբոյս, չմաքրուած հացահատիկ, բուսական իւղ), ձուկ, կաթնամթերքի չափաւոր քանակ եւ թռչնամիս: Այդպիսի սնունդ մասնագէտները…

Համաշխարհային ջերմացումը կրնայ նպաստել «ուղեղը փճացնող միաբջիջներու» տարածման

Երկրագունդի հիւսիսային տարածաշրջաններուն մէջ կը տարածուի Naegleria fowleri վտանգաւոր ախտածինը, որ յայտնի է որպէս «ուղեղը փճացնող միաբջիջ»: Անցեալին, այս ախտածինը կը բնակէր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հարաւային նահանգներու տաք քաղցրահամ ջրամբարներուն մէջ: Բայց վերջին շրջանին, իրավիճակը սկսած է փոխուիլ համաշխարհային ջերմացումի պատճառով: Այս մասին կը նախազգուշացնեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հիւանդութիւններու վերահսկումի եւ կանխարգիլումի կեդրոնի (CDC) մասնագէտները:…

Երեք ուտելիք բարելաւելու համար ուղեղի աշխատանքը տարեց հասակին

Սննդամթերքը, որ մենք կ՛օգտագործենք, կրնայ ազդել ոչ միայն ֆիզիքական վիճակին, այլ՝ նաեւ ուղեղի աշխատանքին վրայ տարեց հասակին: Այդ եզրակացութեան յանգած են Այոա նահանգի համալսրանի գիտնականները, որոնց նոր հետազօտութիւնը հրապարակուած է “Journal of Alzheimer’s Disease” պարբերականին մէջ, Նոյեմբեր 2020-ին: Հետազօտութեան հեղինակները վերլուծած են 46-77 տարեկան (հետազօտութեան պահուն) 1787 տարեց մարդոցմէ ստացուած տուեալները Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, UK…

COVID-19ի Ընթացքը Ծանրացնող Դիմադրողականութեան Բնորոշ Գիծ Մը. Գիտնականներ

Արեան մեջ «սխալ» հակամարմիններու մեծ քանակը («օթօհակամարմիններ») կրնայ ծանրացնել «քորոնա» ժահրային բորբոքումի ընթացքը, կը նախազգուշացնեն Yale համալսարանի գիտնականները: Այդպիսի հակամարմիններ թիրախ կը դարձնեն օրկանները, հիւսուածքներն ու բուն դիմադրողական համակարգը, եւ ոչ թէ կը պայքարին օրկանիզմ ներխուժած ժահրին դէմ: Այս մէկը, «քորոնա» ժահրով վարակուելու պարագային, ոչ միայն բարդութիւններ կը յառաջացնէ, այլ՝ կրնայ դառնալ հիւանդութեան աւելի երկարատեւ…