Գիտնականները «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարին Նոր Բուժում Մը Կը Փորձարկեն

Չինացի եւ գանատացի մասնագէտներու խումբ մը, դեղամիջոց մը փորձարկած է հեփաթիթ B-ի եւ C-ի, ինչպէս նաեւ արեան եւ մաշկի քաղցկեղի բուժման համար: Խօսքը ալֆա-2 պաշտպանական սպիտակուցի «ինթըրֆերոն սինթեթիք» տարբերակի մասին է: Այդ մէկը դիմադրողականութեան համակարգի ազդանշանային սպիտակուցներէն մէկն է, որ մարմինը կ՛արտադրէ յարուցիչներու հետ հանդիպումի ժամանակ: Պաշտպանական սպիտակուցները կը խանգարեն ժահրերը եւ չեն ձգեր, որ անոնք բազմանան վարակուած բջիջներու…

Գիտնականները Արեան Քննութեամբ Մը Կը Կանխատեսեն Մարդու Մահուան Տարին

Գերմանիայէն գիտնականներ կը մշակեն արեան քննութիւն մը, որ 83 առ հարիւր ճշգրտութեամբ կը կանխատեսէ  յառաջիկայ տարիներուն մարդու մահուան կարելիութիւնը: Հետազօտութեան ծիրին մէջ, գիտնականները արեան մէջ 14 «պայոմարքըրներ» յայտնաբերած են, որոնք ըստ էութեան կ՛ազդեն մահուան վտանգին վրայ: Անոնք հիմնականին մէջ կապուած են դիմադրողականութեան համակարգի, շաքարի մակարդակի վերահսկումի, բորբոքային ընթացքի զարգացման հետ եւ այլն: Կամաւորներու մասնակցութեամբ, փորձերը…