Գիտնականները Կը Յայտնեն «Քորոնա» Ժահրի Նոր Անսպասելի Ախտանիշի Մասին
Լիվըրփուլի Թագաւորական համալսարանական հիւանդանոցէն (Մեծն Բրիտանիա) գիտնականներ յայտնաբերած են նոր ախտանիշ մը, որ կրնայ կապուած ըլլալ ենթաստամոքսային գեղձի հիւանդութիւն ունեցող հիւանդներու մօտ՝ «քորոնա» ժահրային բորբոքումի հետ: Հետազօտութիւնը հրապարակուած է Gastroenterology ամսագիրին մէջ, որու մասին հակիրճ կը յայտնէ «Լենդան»: Գիտնականները «քորոնա» ժահրով եւ աւելորդ կշիռքով կամ ճարպակալումով հիւանդներու խումբի մը մօտ յայտնաբերած են ընդհանուր բորբոքում եւ…