«Քորոնա» Ժահրին Դէմ Աւելի Քան 20 Նոր Դեղամիջոց Կը Յայտնաբերեն Գիտնականները
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Բժշկական հետազօտական հիմնարկի գիտնականները, «քորոնա» ժահրին դէմ աւելի քան 20 նոր եւ արդիւնաւէտ դեղամիջոց յայտնաբերած են: Այս մասին ըսուած է Nature ամսագիրին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ: Հետազօտողները վերլուծած են դեղամիջոցներու տուեալներու մեծ ամբողջութիւնը, որպէսզի գտնեն «քորոնա» ժահրին դէմ ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցները: Անոնք յաջողած են գտնել 100 «մոլեքիւլ» հակաժահրային աշխուժութեամբ, եւ 21 դեղամիջոց…