2030 Թուականին Կաթուածէն Կրնայ Մահանալ 5 միլիոն Մարդ
Ամբողջ աշխարհի մէջ կաթուածէն մահերու թիւը տարեկան հաշուարկումով մինչեւ 2030 թուական կրնայ բարձրանալ՝ հասնելով 5 միլիոնի։ Այս մասին տեղեկացուցած է Նեարդաբանութեան ամերիկեան ակադեմիան։ Հետազօտողները ուսումնասիրած են «Առողջութեան մասին տուեալներու համաշխարհային փոխանակման» 1990-2019 թուականներու տուեալները։ Աշխարհի բնակչութեան աճին զուգահեռ՝ «իշեմիք» կաթուածէն մահերու համաշխարհային թիւը աւելցած է՝ 1990 թուականին 2,04 միլիոնէն 2019 թուականին հասնելով 3,29 միլիոնի։ Սակայն…