Սրտաբան Թամազ Կակլոշվիլի պատասխանած է հիւանդներու ամէնէն շատ հարցուած հարցումին, թէ ի՞նչ կարելի չէ ուտել թանձր արիւն ունենալու պարագային։ Վերջինիս հետ կապուած են վտանգաւոր վիճակներ, ինչպէս՝ «թրոմպոսիս»ը եւ սրտի կաթուածը։
Ըստ մասնագէտին, ամէնէն վտանգաւորը ջրազրկումն է։ Բժիշկը կարեւորած է նաեւ հաւասարակշռուած սննդականոնը։
«Երբ մարդ արիւն նոսրացնելիք դեղերու ցուցմունք չունի, ուրեմն արիւնը բարակցնելու կարիք չկայ, պէտք եղած քանակութեամբ ջուր խմելը բաւարար է»,- նշած է Թամազ Կակլոշվիլին։
«Թոքսիքոլոճիսթ», փրոֆեսոր Միխայիլ Քուտուշով յայտնած է, որ արեան թանձրացումի բարձրացումը կարելի է յայտնաբերել քննութիւն մը կատարելով, իսկ եթէ խնդիր կայ, ապա նախ պէտք է շաքարը բացառել։ Յայտնի է, որ անիկա կը բարձրացնէ արեան մէջ շաքարի մակարդակը:
Եզրակացութիւն՝ «կ՛աճի «լիփիտային» միացութիւններու արտադրութիւնը, ինչ որ կը բարձրացնէ արեան թանձրամածութիւնը եւ ատոր հետ մէկտեղ՝ «թրոմպոսիս»ի վտանգը»,- զգուշացուցած է մասնագէտը։ Քուտուշով նաեւ յանձնարարած է զգուշօրէն գործածել հնդկաձաւար, պանան եւ գետնախնձորով ուտելիքներ՝ նախապատուութիւնը տալով «թաուրին» պարունակող սնունդին, օրինակ՝ ծովային ուտելիքներուն։ Յաճախ արեան թանձրամածութեան բարձրացում ունեցող մարդիկ կը զգան սպիտակուցի պակաս: Անիկա, կը յիշեցնեն մասնագէտները, պէտք է առկայ ըլլայ սնունդի իւրաքանչիւր ստացումի ժամանակ։