Կենսաբանական Ծերացման Չորս Տարբեր Տեսակներ

Սթենֆըրտի համալսարանի բժշկական դպրոցի «ճենեթիսիսթ»ները բացայայտած են կենսաբանական ծերացման չորս տեսակ (օրինաչափութիւններ)՝ «մեթապոլիք», դիմադրողական, լեարդային եւ «նեֆրոթիք», յայտնած է Daily Mail-ը։ Գիտնականները նշած են, որ մարդու մարմնի ոչ բոլոր մասերը եւ օրկանները նոյն արագութեամբ կը ծերանան։ Հետազօտողները յայտնաբերած են ծերացման չորս տեսակ՝ կախեալ այն բանէն, թէ օրկանիզմին ո՞ր բաժինները կը սկսին վատ աշխատիլ՝ դիմադրողական համակարգ,…

Քալորիներու Սահմանափակումը՝ Ի Նպաստ Բորբոքումի Նուազեցման

«Քալորի»ներու ստացման սահմանափակումը, նոյնիսկ 12 առ հարիւրով, կրնայ բարձրացնել առողջ ծերացումի կարելիութիւնները՝ բորբոքումը նուազեցնելու հաշւոյն: Այս մասին գրուած է Ծերացման ազգային հիմնարկի (NIA) գիտնականներու ուսումնասիրութեան մէջ, որ հրապարակուած է Aging Cell ամսագրին մէջ: Բազմաթիւ հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ անասուններու մօտ «քալորի»ներու սահմանափակումը՝ առանց օրկանիզմը զրկելու էական «վիթամին»ներէն եւ հանքանիւթերէն, կը դանդաղեցնէ տարիքային հիւանդութիւններու զարգացումը,…