Միշտ լողալը կրնայ օգտակար ըլլալ ուղեղին համար. անիկա կը նպաստէ ուղեղի մտային գործառոյթի բարելաւման, ինչպէս նաեւ ատոր մէջ կը ձեւաւորուին նոր «նիւրոնըլ» կապեր։ Այս մասին անդրադարձ կատարուած է Մարտի Հարտին-Պեյլոր համալսարանի նիւրօ-կենսաբանութեան փրոֆ. Սինա Մեթիուի յօդուածին մէջ, որ հրապարակուած է «The Conversation» ամսագիրին մէջ։
Մեթիուի խօսքով՝ լողալը աւելի օգտակար է ուղեղին համար, քան վազքը կամ հեծանուավազքը։ Անկասկած, ուղեղին վրայ լողալու ազդեցութեան նուիրուած հետազօտութիւններու մեծ մասը կատարուած է առնետներու վրայ, որովհետեւ այդ կրծողները զգալի «ճենեթիք» եւ «անաթոմական» նմանութիւններ ունին մարդոց հետ։
Նման փորձարկումներէն մէկուն ընթացքին, գիտնականները խոստովանած են, որ լողալը կը խթանէ որոշ ուղեղային ուղիներ։ Ատոնք կրնան կանխել «հիփոքամբ»-ի բորբոքումը, ինչպէս նաեւ խանգարել «ափոփթոզ»-ին՝ բջիջներու ծրագրուող մահուան գործընթացը։ Լողալը նաեւ կ՛երկարաձգէ «նիւրոն»-ներու կեանքը եւ կը նուազեցնէ ծերացման մտային հետեւանքները։
Հասկնալու համար, թէ ինչպէ՞ս լողալը կ՛ազդէ յիշողութեան վրայ, մասնագէտները առնետներուն ստիպած են ամէն օր լողալ մէկ ժամուան ընթացքին, որմէ ետք զանոնք տեղաւորած են վեց ուղիներ ունեցող «լաբիւրինթոս»-ին մէջ։ Ատոնցմէ մէկուն մէջ փակ փլաթֆորմ կար, եւ կրծողներուն կու տային վեց փորձ՝ զայն գտնելու համար։
Մէկ շաբաթ ետք, գիտնականները նկատած են, որ առնետներու կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ յիշողութիւնը բարելաւուած է, որովհետեւ աւելի քիչ սխալներ կը գործէին «լաբիւրինթոս»-ը անցնելու ժամանակ։ Մասնագէտները ենթադրած են, որ լողալը կարելի է օգտագործել իբրեւ մարդոց մօտ նեարդահոգեկան խանգարումներու պատճառով վնասուած ուսուցման եւ յիշողութեան վերականգնման միջոց։