Ի՞նչ Ընել, Եթէ Աշնան Ախորժակը Աւելնայ

Աշնան շատերը կը հանդիպին ախորժակի բարձրացման խնդիրին՝ ցուրտի եւ ցերեկային ժամերու կրճատման պատճառով անընդհատ ուտել կ՛ուզենք: Ինչո՞ւ այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ։ Աշնան, երբ օրերը կը կարճնան, օրկանիզմը շատ աւելի «մելաթոնին» կ՛արտադրէ՝ հորմոն, որ յոգնութիւն եւ քուն կը յառաջացնէ: Միեւնոյն ժամանակ, «սերոթոնինի»՝ այսպէս կոչուած «ուրախութեան հորմոնի» արտադրութիւնը կը նուազի: Որպէսզի «սերոթոնինի» մակարդակը կրկին բարձրանայ, օրկանիզմը համապատասխան…