«Քորոնա» Ժահրին Դէմ Դիմադրողականութիւնը Ընդամէնը 3 Ամիս Կը Պահպանուի. Գիտնականները
COVID-19 յաղթահարած մարդոց մօտ, «քորոնա» ժահրի դէմ դիմադրողականութիւնը կը պահպանուի ընդամէնը մօտաւորապէս 3 ամիս: Այս մասին յայտնած է The Guardian-ը՝ վկայակոչելով Լոնտոնի Թագաւորական գոլէճի գիտնականներու հետազօտութիւնը: Առաջին ախտանշաններու ի յայտ գալէն ետք, 3 շաբաթ անց, հիւանդներու 60 առ հարիւրին մօտ կ՛արձանագրուի «քորոնա» ժահրին դէմ հակամարմիններու առաւել մեծ պարունակութիւն: Սակայն 3 ամիս ետք, բորբոքումի դէմ զօրաւոր…