Սմարթֆոնները եւ համակարգիչները ուղեղը կը վերածեն «աղբակոյտի». Բժիշկները
«Սմարթֆոն»-ներու եւ համակարգիչներու չափէն դուրս օգտագործումը կրնայ յառաջացնել ուղեղի գերյոգնածութիւն, ինչ որ կը յանգեցնէ խելագարութեան եւ «տիփրեշըն»-ի զարգացման: Այդ մասին յայտնած է Nikkei Style-ը՝ վկայակոչելով ճափոնցի գիտնականներու կարծիքը, տեղեկացուցած է «Արմենփրես»-ը: «Օքումուրա» յիշողութեան քլինիքի տնօրէն, նեարդավիրաբույժ Այումի Օքումուրայի խօսքով՝ վերջերս աւելցած է մարդոց մօտ «յիշողութեան խանգարումի» դէպքերու քանակը, ըստ որուն, այդ ախտորոշումը կու տան ոչ…