Քորոնա Ժահրի Նոր Շտամները Վտանգաւոր՝ Փոքրիկներու Համար. Հետազօտութիւն

Քորոնա ժահրի նոր շտամները վտանգաւոր են ոչ միայն մեծերու, այլ նաեւ՝ փոքրիկներու համար։ Լոս Անճելըսի մանկական հիւանդանոցի հետազօտողները SARS-CoV-2-ով վարակման աւելի քան 2000 պարագայի «ճենոմային անալիզ» կատարած են մանկաբուժական հիւանդներու ծիրին մէջ՝ պարզելու համար, թէ որքանո՞վ փոքրիկները ընկալելու ունակ են «փաթոճեն»-ի նոր տարբերակի հանդէպ։ Հետազօտութեան արդիւնքները տակաւին փորձագիտական գնահատում չեն ստացած եւ հրապարակուած են նախնական…

Ո՞ր Ուտելիքները Կրնան Վնասել Աղիքները

Ածխաջուրերու եւ ճարպերու օգտագործումը կրնան լրջօրէն վնասել աղեստամոքսային «թրաքթ»-ի դիմադրողական համակարգը, եւ փոփոխութիւնները կրնան անդառնալի բնոյթ կրել: Այս մասին յայտնած են Սենթ Լուիսի Ուաշինկթընի համալսարանի բժշկական դպրոցի եւ Քլիվլենտի դարմանատան գիտնականները: «Cell Host & Microbe» ամսագիրին մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութեան համաձայն՝ մեծ քանակութեամբ շաքարի եւ ճարպի օգտագործումը, ինչ որ առանձնայատուկ է արեւմտեան ապրելակերպին, կ՛ախտահարէ «Փանեթ» բջիջները՝…