Թեքսասի համալսարանի Հարաւարեւմտեան Բժշկական Կեդրոնի գիտնականները յայտնաբերած են, որ քաղցկեղէն մահը կրնայ յառաջանալ ոչ թէ «մեթասթազ»-էն, այլ՝ ուռուցքներու արեան մեծ անօթներու մէջ ներխուժումէն։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրատարակուած են Nature Medicine ամսագրին մէջ։
Հեղինակները վերլուծած են Տալասի քլինիքներուն մէջ մահացած կարծր (solid) ուռուցքային գոյացութիւններով աւելի քան 100 հիւանդներու առողջական տուեալները: Անոնք նաեւ հետեւած են «հոսփիսային» խնամքի (բժշկական եւ զգացական աջակցութեան մասնագիտացած ձեւ մը՝ այն մարդոց համար, որոնք կը գտնուին ծանր կամ անբուժելի հիւանդութեան վերջին փուլերուն մէջ) տակ գտնուող 31 ծանր հիւանդներու վիճակին:
Գիտնականները յայտնաբերած են, որ ուսումնասիրութեան մասնակցած անձերուն մեծ մասին մօտ քաղցկեղային ուռուցքները ներթափանցած էին մեծ արեան անօթներ՝ ինչպէս ստորին սիներակը (inferior vena cava), դարպասային երակը, լեարդային երակները եւ որովայնային «աորթա»-ն։ Բացի ատկէ, կեանքի վերջին շաբաթներուն ընթացքին հիւանդներուն արեան մէջ արձանագրուած էր շրջանառուող ուռուցքային բջիջներու կտրուկ աճ։
Ի տարբերութիւն սովորական դիահերձումին, գիտնականներուն կողմէ փոփոխութեան ենթարկուած մեթոտաբանութեան կիրառումը անոնց արտօնած է պահպանել արեան անօթներու ամբողջականութիւնը եւ յայտնաբերել վնասման հատուածները։ Արդիւնքները հաստատած են, որ ուռուցքները կրնան նպաստել արեան մակարդումներու յառաջացման, որոնք կը խանգարեն շրջանառութիւնը եւ կը յանգեցնեն կենսական օրկաններու անբաւարարութեան։
Հետազօտողները լրացուցիչ հաստատում ստացած են՝ Գերմանիոյ մէջ աւելի քան 1200 քաղցկեղով հիւանդներու համակարգչային «թոմոկրաֆի»-ի (CT) պատկերները ուսումնասիրելով: Այս հիւանդներուն զգալի մէկ մասը նաեւ ցոյց կու տար անօթային ներխուժումի նշաններ: Այս յայտնաբերումը մարտահրաւէր է քաղցկեղի հետ կապուած մահուան «մեքանիզմ»-ներու վերաբերեալ առկայ պատկերացումներուն եւ կրնայ փոխել բուժման քլինիքային մօտեցումները:
Հեղինակներուն խօսքով՝ քաղցկեղի բուժման ընթացքին պէտք է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել այն ուռուցքներուն, որոնք կը գտնուին մեծ անօթներու մօտ, որովհետեւ այդ շրջաններուն ուղղուած վիրաբուժական կամ ճառագայթային միջամտութիւնը կրնայ նուազեցնել բարդութիւններու յառաջացման վտանգը եւ բարելաւել գոյատեւումի ցուցանիշները։

