Լսողութեան հիմնական սպիտակուցի յայտնաբերումը նոր յոյս կը ներշնչէ խլութեան բուժման համար

Գերմանիոյ Կիոթինկընի համալսարանի հետազօտողները բացայայտած են «օթոֆերլին» կոչուող սպիտակուցի կառուցուածքը եւ գործառոյթը, որ վճռորոշ դեր կը խաղայ լսելու գործընթացին մէջ։ «Օթոֆերլին»-ի կորուստը կամ անոր գործառոյթի խանգարումը կը յանգեցնէ բնածին խլութեան տարածուած ձեւերէն մէկուն։ Աշխատանքին արդիւնքները, որոնք հրապարակուած են Science Advances գիտական ամսագրին մէջ, կը ներկայացնեն կարեւոր հանգրուան աւելի քան երկու տասնամեակ շարունակուած Կիոթինկընի համալսարանի «օթոֆերլին»…

Նոր բազմակի սքլերոզի (MS) փորձարկումի արդիւնքները ցոյց կու տան, որ դեղերը կրնան վերականգնել վնասը

Բազմակի սքլերոզ-ը (Multiple sclerosis, MS) կրնայ գտնուիլ «բուժման նոր ուղիի սկիզբը», որովհետեւ նախնական փորձարկումներու արդիւնքները ցոյց կու տան, որ երկու դեղեր կրնան վերականգնել հիւանդութեան պատճառով յառաջացած վնասը։ Քեմպրիճի համալսարանին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը քննած է, թէ արդեօ՞ք շաքարախտի եւ «հակահիսթամինային» դեղերը կրնան օգնել վերականգնելու «միելին»-ը՝ այն նիւթը, որ նեարդներու շուրջի պաշտպանիչ շերտն է, եւ, որ…