Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կը կարծէ, որ «քորոնա» ժահրի համավարակը վերջ կը գտնէ ոչ ուշ, քան երկու տարուան ընթացքին: Այս մասին յայտնած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Ատանոմ Կեպրեյսուս, հաղորդած է ՌԻԱ Նովոսթին:
«Մեծ շփումներու ընթացքին, վարակը աւելի արագ կը տարածուի, սակայն մենք ունինք մեծ քանակութեամբ արհեստագիտութիւններ, ինչ որ կարելիութիւն կը ստեղծէ կասեցնելու վարակի տարածումը: Մենք յոյս ունինք, որ կը յաջողինք համավարակի աւարտին հասնիլ ոչ ուշ, քան երկու տարուան ընթացքին»,- ըսած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավարը՝ բաղդատելով 1918-ի սպանական «կրիփ» համավարակը «քորոնա» համավարակին հետ: