«Պարզ սքորինկ մեթոտը» կը վերաբերի յատուկ չափանիշներու վրայ հիմնուած՝ բան մը գնահատելու կամ դասակարգելու մեթոտին: Այս պարագային անիկա միջոց մըն է, որ միաւորներ կը նշանակէ գնահատելու համար հիւանդները՝ հիմնուելով այնպիսի գործօններու վրայ, ինչպէս՝ անոնց առողջական վիճակը, վտանգները, տարիքը կամ այլ համապատասխան տուեալներ: Այնուհետեւ, միաւորները կ՛օգնեն բժիշկներուն որոշելու, թէ ո՞ր հիւանդները առաւելաբար օգուտ պիտի քաղեն որոշ կանխարգելիչ բուժումներէն, ինչպէս սրտի տագնապի եւ կաթուածի համար նախատեսուած դեղերէն կամ միջոցներէն: Այլ խօսքով, այս միջոց մըն է գնահատելու, թէ ո՞վ բուժման կարիքը ունի ամենէն աւելին: Հետազօտութեան մասին յօդուածը հրապարակուած է Circulation Research ամսագրին մէջ։
Առանցքային քննութիւնը, որ յայտնի է որպէս TRIPLE Score, կը չափէ արեան «փլաքէթ»-ներու յատուկ սպիտակուցները հիւանդի տարիքին զուգահեռ՝ օգնելու բժիշկներուն աւելի տեղեկացուած որոշումներ կայացնելու արիւնը բարակցնող դեղեր նշանակելու վերաբերեալ, ինչպէս՝«ասփիրին»-ը եւ «քլոփիտոկրել»-ը:
Ներկայիս արիւնը բարակցնող միջոցները կը նշանակուին միայն այն հիւանդներուն, որոնք արդէն ունեցած են սրտի տագնապ կամ կաթուած, որովհետեւ դեղերը կրնան լուրջ արիւնահոսութիւն յառաջացնել որոշ մարդոց պարագային: Առանց կանխատեսումի, թէ որոնց կրնան օգնել վերոնշեալ դեղերը եւ որոնց՝ վնասել, բժիշկները չեն կրնար նշանակել կեանք փրկող այս դեղերը վտանգի ենթակայ հիւանդներուն:
Քննութիւնը, որ տակաւին լայնօրէն հասանելի չէ, կը մշակուի, որպէսզի, ի վերջոյ, օգտագործուի բժշկական հաստատութիւններու մէջ։ Այնուհետեւ, անիկա պիտի օգտագործուի քլինիքային ուսումնասիրութիւններու մէջ՝ հաստատելու անոր արդիւնաւէտութիւնը խնամքի բարելաւման գործին մէջ:
«Մեծն Բրիտանիոյ մէջ տարեկան մօտաւորապէս 100,000 սրտի կաթուած տեղի կ՛ունենայ, հակառակ անոնց կանխարգիլման զգալի յառաջընթացին: Մենք պէտք է «ասփիրին»-ի նման դեղեր օգտագործելու աւելի խելացի եղանակներ գտնենք, եթէ կը փափաքինք նուազեցնել այս թիւը: Մեր նոր քննութիւնը կ՛օգնէ բժիշկներուն ապահովելու, որ հիւանդները ստանան լաւագոյն բուժումը եւ պահպանեն կեանքի որակը: Այժմ մենք նպատակ ունինք քննութիւնը աւելի դիւրին դարձնելու՝ մշակելով «մատը մխելու քննութիւն», որ նոյնքան պարզ է, որքան ձեր արեան շաքարի մակարդակը չափելը», – ըսած է Ռետինկի համալսարանի հետազօտութեան առաջատար հեղինակ բժիշկ Ալեքսանտր Պայը: