Բժշկութեան ոլորտին մէջ յառաջընթացը եւ ընկերային բարենպաստ պայմանները պիտի արտօնեն մարդոց մօտիկ ապագային ապրիլ 100 տարիէն աւելի, ԹԱՍՍ-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) Մոսկուայի գրասենեակի ղեկավար Պաթիր Պերտիքլիչեւը։
«Կարելի է ըսել, որ ամբողջ աշխարհի տարածքին մարդիկ այժմ շատ աւելի երկար կ՛ապրին: Ժամանակակից կանխարգելիչ մեթոտները՝ բարելաւուած սնուցումը, ապրելու եւ աշխատանքի աւելի լաւ պայմանները, բժշկական օգնութեան աւելի մեծ հասանելիութիւնը նպաստած են կեանքի միջին տեւողութեան բարձրացման»,- ըսած է ան՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք բժշկութիւնը կրնայ յաղթահարել ծերացումը եւ մարդիկ կ՛ապրի՞ն մինչեւ 100 տարի:
Պերտիքլիչեւի համաձայն, աշխարհի տարածքի մարդոց մեծամասնութիւնը արդէն իսկ կրնայ ակնկալել ապրիլ մինչեւ եօթանասուն տարեկան եւ վեր: Միեւնոյն ժամանակ, «աշխարհի իւրաքանչիւր երկրի մէջ ոչ միայն կը բարձրանայ տարեցներու թիւը, այլ անոնց մասնաբաժինը բնակչութեան մէջ»։ Ինչպէս նշած է Ռուսիոյ մէջ ԱՀԿ գրասենեակի ղեկավարը, այս բնորոշ է նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ։
«Կրնամ ըսել, որ 2020-էն 2050-ի միջեւ կ՛ակնկալուի, որ 80 եւ աւելի տարիքի համաշխարհային բնակչութեան թիւը եռապատկուի եւ հասնի 426 միլիոնի », – ըսած է Պերտիքլիչեւը:
«Անոր համաձայն, մօտիկ ապագային բժշկութեան յառաջընթացը, յատկապէս ծինային, «կենսաթեքնոլոճի»-ի եւ դեղաբանութեան ոլորտներուն մէջ, պիտի բարձրացնէ մարդկային կեանքի տեւողութիւնը մինչեւ մարդու օրկանիզմի կենսաբանական սահմանները»:
«Դժուար է ըսել, թէ որոնք են այդ սահմանները, որովհետեւ գիտութիւնը տակաւին կրնայ զարմացնել: Շատեր արդէն անցած են 100 տարուան սահմանը: Այս «համաթեքսթ»-ին մէջ առաւել հրատապ հարցումը կրնայ ըլլալ, թէ արդեօք կեանքի տեւողութեան բարձրացումը կը բարելաւէ՞ կեանքի որակը»,- ընդգծած է ան:
ԱՀԿ Մոսկուայի գրասենեակի ղեկավարը բացատրած է, թէ բացի բժշկական գործօններէն, կեանքի տեւողութեան վրայ կ՛ազդէ նաեւ բարենպաստ ընկերային եւ ֆիզիքական պայմաններու ստեղծումը, ներառեալ «տարեցներու անվտանգ մուտքը հանրային տարածքներ, փոխադրամիջոց եւ ընկերային ներգրաւուածութեան կարելիութիւններ»։