Որոշ մարդիկ աւելի առողջ կը մնան ամբողջ կեանքի ընթացքին, քան ուրիշներ, բայց ատոր հիմնական պատճառները լաւ չեն ուսումնասիրուած։ Սան-Անթոնիոյի Թեքսաս հիմնարկի, Մոնսերաթի Ազգային հետազօտական խորհուրդի ճենեթիք եւ պայօ-բժշկական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի ու Սասարիի համալսարանի գիտնականները ենթադրած են, որ այդ առաւելութիւնը որոշ չափով կը բացատրուի առաւելագոյն դիմադրողական կայունութեամբ (IR), որ կը բնորոշուի որպէս դիմադրողական գործառոյթները պահպանելու եւ / կամ արագ վերականգնելու ընդունակութիւն։
Իրենց ուսումնասիրութեան ծիրին մէջ, որուն արդիւնքները հրապարակուած են Nature Communications ամսագրին մէջ, հետազօտողները ուսումնասիրած են աւելի քան 48 000 մարդու, ինչպէս նաեւ անասուններու, ներառեալ՝ «փրայմէյթ»ներու, առողջական վիճակի տուեալները։
Գիտնականները բացայայտած են, որ օրկանիզմին մէջ «իմիւնոլոճիքըլ» հաւասարակշռութիւնը կը պահպանուի դիմադրողական երկու տիպի բջիջներու՝ iCD4 եւ CD8 «լիմֆոսայթ»ներու, շնորհիւ։
Հետազօտողներու կարծիքով, երկարակեցութեան եւ առողջական վիճակի հարցին մէջ մեծ տարբերութիւն ըլլալու հնարաւորութիւններէն մէկը կրնայ ըլլալ այն, որ դիմադրողական յատկանիշի այլազանութիւնը նպաստէ այդ տարբերութիւններուն։ Հաշուի առնելով, որ վարակները միջավայրի ազդեցիկ գործօններէն մէկն են, որ կը ձեւաւորեն մարդու «ճինոմ»ը, բնական ընտրութեան մանրէային գործօններու հանդէպ մարդու առաւելագոյն արձագանգները, հմարաւոր է, որ որոշ դեր ունեցած են կեանքի տեւողութեան բարձրացման մէջ։ Հետեւաբար, դիմադրողական «մեքանիզմ»ները, կրնան զարգացած ըլլալ վարակիչ հիւանդութիւններու հետ կապուած բորբոքային սթրեսի genetic burdenի վերաբերեալ ձեռքբերուած դիմադրողականութեան հիման վրայ: