Գիտնականները յայտնաբերած են քաղցկեղի բջիջները շրջող «առանցքային մեqանիզմ» կամ «գործoն», որ կը նկատուի մեծ յառաջընթաց:
Այս մոլեքիւլային մակարդակը աշխոյժ դարձնելով, Հարաւային Քորէայի հետազօտողները կրցած են քաղցկեղային բջիջները վերադարձնել իրենց նախկին առողջ փուլին։
Հետազօտողները կամ գիտնականները կրցած են միջամտել վճռորոշ ժամանակի մէջ՝ նախքան առողջ բջիջները ընդմիշտ վերածուելու հիւանդ բջիջներու: Հետեւաբար, անոնք յաջողած են՝ կանխելու հիւանդութիւնը հետագայ յառաջընթացէ։
«Այս բացայայտումը նոր մօտեցում կը հայթայթէ քաղցկեղի բուժման համար՝ քաղցկեղի բջիջները վերափոխելով եւ ոչ թէ վերացնելով զանոնք», – DailyMail.com-ին ըսած է բժիշկ Թիֆանի Թրոսօ-Սանտովալը, նախապէս Memorial Sloan Kettering քաղցկեղի կեդրոնի թոշակառու ուռուցքաբան, որ հետազօտութեան մաս չէր կազմեր: Այս «հիպրիտային» վիճակը (օրինակ՝ քաղցկեղի բջիջները, որոնք ոչ ամբողջականօրէն բնական են, ոչ ալ ամբողջականօրէն չարորակ) աւելի լաւ հասկնալու համար դուք կրնաք մտածել ջուրի մասին, որ կ՛եռայ ճիշդ 212°F (100c), ըսած է բժիշկ Թրոսօ-Սանտովալը: «Կայ հակիրճ վայրկեան մը, երբ ջուրը ոչ ամբողջութեամբ հեղուկ է, ոչ ալ ամբողջութեամբ շոգի», որ նման է քաղցկեղի զարգացման այն կարճ պատուհանին, ուր բջիջները թէ՛ առողջ են եւ թէ՛ քաղցկեղային, բացատրած է ան:
Քաղցկեղի բուժման աւանդական մեթոտները կը կեդրոնանան վիրաբուժութեան միջոցով քաղցկեղի բջիջներու հեռացման վրայ, ինչպէս նաեւ՝ ճառագայթումի կամ «քիմիոթերափի»-ի միջոցով զանոնք ոչնչացնելու վրայ: Սակայն նոր հետազօտութիւնը, ըստ երեւոյթին, բացայայտած է երրորդ մօտեցում մը, որ կրնայ արտօնել քաղցկեղով հիւանդներուն վերականգնելու իրենց առողջ բջիջները: Այս կրնայ յանգեցնել այնպիսի բուժումներու, որոնք աւելի նուազ թունաւոր են, քան ճառագայթումը եւ «քիմիոթերափի»-ն, ըսած է բժիշկ Սանտովալը:
Այս աւանդական բուժումները կ՛ոչնչացնեն մարմնի բոլոր բջիջները, ոչ միայն՝ քաղցկեղայինները, որոնք կը պատճառեն տկարացնող կողմնակի բարդութիւններ եւ, ի վերջոյ, կրնան ստիպել հիւանդներուն զարգացնելու յաւելեալ հիւանդութիւններ, ներառեալ նոր քաղցկեղներ:
Աւելին, նոր բացայայտումները կրնան մատնանշել բարձր վտանգի ենթակայ հիւանդներու մօտ ուռուցքի կազմութիւնը կանխելու միջոց, աւելցուցած է բժիշկ Թրոսօ-Սանտովալը, ինչպէս՝ հիւանդութեան ընտանեկան պատմութիւն ունեցող մարդիկ կամ որոնք կանոնաւոր ձեւով կ՛ենթարկուին քաղցկեղածին նիւթերու, ինչպէս՝ ծխախոտի ծուխը: Ուսումնասիրութիւնը նաեւ կ՛ապահովէ «քաղցկեղի կենսաբանութեան աւելի խորունկ պատկերացում, որ կրնայ յանգեցնել աւելի անհատականացուած բուժումներու», – ըսած է ան:
Նոր հետազօտութեան համահեղինակ, Քորէայի Գիտութեան եւ արհեստագիտութեան յառաջադէմ հիմնարկի կենսաբանութեան փրոֆեսոր Քուէնկ-Հիւն Չօ ըսած է. «Այս ուսումնասիրութիւնը ծինային ցանցի մակարդակով մանրամասնօրէն բացայայտած է, թէ ինչ փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան բջիջներուն մէջ քաղցկեղի զարգացման գործընթացի ետին, որ մինչեւ այսօր կը նկատուէր առեղծուած:
«Այս ուսումնասիրութիւնը առաջինն է, որ կը բացայայտէ, թէ կարեւոր գործօնը, որ կրնայ շրջել ուռուցքի զարգացման ճակատագիրը, գոյութիւն ունի յատուկ, ճակատագրական պահուն, երբ բջիջները բնականէն կ՛անցնին քաղցկեղայինի», – աւելցուցած է ան:
Քաղցկեղի զարգացումը անմիջական փոխակերպում մը չէ: Այդ տեղի կ՛ունենայ աստիճանաբար, երբ ժամանակի ընթացքին կը ձեւաւորուին առողջ բջիջներու DNA-ի փոփոխութիւններ, ինչ որ կը փոխէ բջիջներու գործառոյթը: Անգամ մը, որ տեղի կ՛ունենան բաւականաչափ վնասակար փոփոխութիւններ, առողջ բջիջները կը վերածուին անբնական ձեւով գործող քաղցկեղային բջիջներու:
Հետազօտողները այս աստիճանական անցման ընթացքին յայտնաբերած են առանցքային «պատուհան» մը, որուն ընթացքին բջիջները կը մտնեն կարճատեւ «ճակատագրական անցումային վիճակ», ուր անոնք կ՛ընդգրկեն ինչպէս առողջ, այնպէս ալ քաղցկեղային յատկութիւններ: Օգտագործելով մոլեքիւլային նոյնականացման համակարգ մը՝ խումբը կրցած է թիրախաւորել այս անցումը վերահսկող մեքանիզմները եւ բացայայտել մոլեքիւլային ուղիները, որոնք բջիջները կը վերադարձնէին բնական վիճակի:
Չոն եւ անոր գործընկերները քննած են բուժման այս նոր մեքանիզմը մոլեքիւլային բջիջներու փորձարկումներու միջոցով տարրալուծարանի մէջ կազմաւորուած շատ փոքր ուռուցքներու կամ «օրկանոիտ»-ներու օգտագործումով, որոնք պատրաստուած են հաստ աղիքի քաղցկեղի բջիջներէն: Անոնք յայտնաբերած են յատուկ «էնզայմ» մը, որ կ՛արգիլէր քաղցկեղի հետ կապուած որոշ սպիտակուցներու բնական քայքայումը, խթանելով ուռուցքի աճին: Արգելափակելով «էնզայմ»-ը, «օրկանոիտ»-ները դադրած են աճելէն եւ վերադարձած՝ բնական գործելու առողջ վիճակին: Խումբը իրենց բացայայտումները հրապարակած է Advanced Science ամսագրին մէջ:
Թէ ինչպէս բջիջները բնականօրէն կը փոխուին մէկ տեսակէն միւսը նորութիւն չէ գիտութեան մէջ։ Այնուամենայնիւ, փրոֆեսոր Քուէնկ-Հիւն Չոյի եւ անոր խումբի յայտնաբերած նոր մեքանիզմը (յատուկ եղանակով այս գործընթացի տեղի ունենալը, որ նախապէս չէր բացայայտուած) նորութիւն է Թրոսօ Սանտովալի համաձայն։