Պահրէյնէն գիտնականներ «ռոպոթ» մը ստեղծած են, որ կրնայ ոչնչացնել «քորոնա» ժահրը եւ այլ «մայքրօ-օրկանիզմներ»:
Այս «ռոպոթ»-ը ժահրին վրայ կ՛ազդէ կարճ ալիքով աշխատող «ալթրամանիշակագոյն» ճառագայթումով, որ 30 վայրկեանի մէջ կը սպաննէ բոլոր «մայքրօ-օրկանիզմներ»-ու մինչեւ 90 առ հարիւրը՝ փճացնելով անոնց մաշկը, որուն հետեւանքով օրկանիզմներու DNA-ը կը յաջողի ոչնչանալ: Սակայն, կիրառելու պահուն, մարդիկ պէտք չէ սենեակին մէջ ըլլան, որովհետեւ սարքին լոյսը կրնայ վնասել մարդկային բջիջները:
Աւելին՝ «ռոպոթ»-ը կրնայ խօսիլ 12 լեզուով, չափել մարմինի տաքութիւնը, արձագանգել ձայնային հրամաններուն եւ օգտագործել հիւանդներու դէմքի ճանաչման արհեստագիտութիւնը:
Արեւելեան Անգլիոյ համալսարանի փրոֆեսոր Փօլ Հանթըր նշած է, որ «ալթրամանիշակագոյն»-ը արդիւնաւէտօրէն կը պայքարի ժահրերու մեծամասնութեան դէմ, ուրեմն «զարմանալի չէ, որ «ալթրամանիշակագոյն» լոյսը կը կանգնեցնէ SARS-CoV-2-ը աշխուժութիւնը»:
«Ռոպոթ»-ը հիմա կը փորձարկեն արդիւնաբերական պայմաններու մէջ: Արդէն երկու «ռոպոթ թողարկուած է Պահրէյնի բժշկական հաստատութիւններու մէջ օգտագործելու համար:
Պահրէյնի առողջապահութեան նախարարութենէն բժիշկ Վալիտ Ալ Մանեան այս սարքերը անուանած է «բժշկական յեղափոխութիւն», որովհետեւ կրնան օգնել բժիշկներուն եւ հիւանդապահուհիներուն: