Ֆուճիթա բժշկական համալսարանի գիտնականները յայտնաբերած են, որ կշիռքի վերահսկումի հարցին մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ ոչ միայն սնունդի բաղադրութիւնը, այլեւ՝ անոր սպառումի արագութիւնը։ Սնուելու թափի դանդաղեցումը կրնայ օգնել պակսեցնելու «քալորի»-ներու ստացումը, հետեւաբար նուազեցնելով ճարպակալումի եւ յարակից հիւանդութիւններու վտանգը: Աշխատանքը հրապարակուած է Nutrients ամսագրին մէջ:
Փորձարկումին մասնակցած են 20-էն 65 տարեկան 33 մասնակիցներ, որոնք «փիցցա» կերած են տարբեր պայմաններու մէջ, մինչ հետազօտողները արձանագրած են անոնց ուտելու ժամանակը, ծամելու շարժումներու քանակը, պատառներու քանակը եւ ծամելու արագութիւնը: Մասնակիցներուն առաջարկուած է նաեւ ուտել՝ մտիկ ընելով «ռիթմիկ» ձայներ ժամանակաչափի տարբեր յաճախականութեամբ՝ որոշելու համար, թէ արդեօք արտաքին «ռիթմ»-ը ազդա՞ծ է իրենց վարքին վրայ:
Արդիւնքները ցոյց տուած են, որ կիները ուտելու համար աւելի երկար ժամանակ պահանջած են, քան տղամարդիկը՝ միջինը 87 երկվայրկեան՝ 63 երկվայրկեանի դիմաց: Անոնք նաեւ աւելի պատառներ առած են եւ աւելի ծամած, բայց անոնց ծամելու արագութիւնը նոյնն էր բոլոր մասնակիցներուն մօտ:
Հետազօտողները յայտնաբերած են, որ կերակուրի տեւողութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է պատառներու եւ ծամելու շարժումներու քանակին հետ, բայց ոչ ծամելու արագութեան կամ մարմնի զանգուածի «ինտեքս»-ին հետ: Յատկապէս նկատելի էր ժամանակաչափի «ռիթմ»-ի ազդեցութիւնը. դանդաղ թափը (1 վայրկեանի մէջ 40 զարկ) զգալիօրէն աւելցուցած էր ուտելու ժամանակը:
Հետազօտողները յանգած են այն եզրակացութեան, որ ուտելու գործընթացի դանդաղեցումը կրնայ արդիւնաւէտ ռազմավարութիւն ըլլալ կշիռքի վերահսկումին համար: Կլլելէն առաջ ծամելու յաւելումը, փոքր պատառներ առնելը եւ հանգիստ, «ռիթմիկ» սնուելու միջավայր ստեղծելը պարզ, բայց արդիւնաւէտ միջոցներ են սնունդի ստացումը նուազեցնելու համար՝ առանց խիստ սննդականոնի հետեւելու: Փրոֆեսոր Քացումի Իիզուքան նշած է, որ նման մեթոտները դիւրութեամբ կրնան կիրառուիլ առօրեայ կեանքին մէջ եւ նոյնիսկ կրթական հաստատութիւններու մէջ, ներառեալ դպրոցական սնունդի ծրագիրները:
Գիտնականները կը ծրագրեն տեսութիւնը փորձարկել այլ ուտելիքներու վրայ՝ հաստատելու համար անոր համընդհանրութիւնը: Այնուամենայնիւ, արդէն պարզ է, որ սնուելու գործընթացին գիտակից մօտեցումը կրնայ դառնալ հասանելի եւ արդիւնաւէտ միջոց ճարպակալումի դէմ պայքարի աշխատանքին մէջ։